Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին (ՄԳԻՄՕ) մէջ, Դեկտեմբեր 22-ին բացուած է Լազարեան ճեմարանի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան:
«Ինի համար` որպէս արաբագէտի, արեւելագէտի, ՄԳԻՄՕ-ի շրջանաւարտի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի, մեծ պատիւ է ձեզի հետ միասին ներկայ գտնուելու այս ցուցահանդէսի բացման: Լազարեան ճեմարանի պատմութիւնը Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պատմութեան վառ էջերէն է: Ան Մոսկուայի արեւելագիտական դպրոցի եւ ՄԳԻՄՕ-ի պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն է», ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ մէջ Լազարեան ճեմարանը հանդիսացած է՝ դիւանագէտներ պատրաստելու առաջին մասնագիտացած կրթօճախը եւ միաժամանակ դարձած է հայկական մշակոյթի կարեւոր կեդրոն:
«Ճեմարանին մէջ ստեղծուած էր իւրայատուկ գրադարան մը, ուր հաւաքուած էին հազուագիւտ հրատարակութեանց հազարաւոր հատորներ, եզակի ձեռագիրներ, որոնց մէկ փոքր մասը միայն պահպանուած է ՄԳԻՄՕ-ի գրադարանին մէջ: Այդուհանդերձ Լազարեան ճեմարանի գրական ժառանգութիւնը կը համարուի՝ մեր համալսարանի գրադարանին զարդը: Լազարեան ճեմարանի շնորհիւ մեզի հասած են նոյնիսկ 13րդ դարու ձեռագիրներ», ըսած է ՄԳԻՄՕ-ի տնօրէն, ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով:
Ցուցադրուող նմուշներուն մէջ ներկայացուած են լուսանկարներ Լազարեաններու ընտանիքին եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Լազարեան ճեմարանի հիմնադրութեան եւ կառավարման առնչուող փաստաթուղթեր: