Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Ճափոնի Մէջ Տեղադրուած Է Հայկական Առաջին Խաչքարը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին առիթով, Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Ճափոնի Միջազգային քրիստոնէական համալսարանի տարածքին մէջ, Դեկտեմբեր 22-­ին տեղադրուած է Խաղաղութեան խաչքար: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։

Խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ելոյթ ունեցած են Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը, Միջազգային քրիստոնէական համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Գագուդարօ Գիտաշիրոն եւ համալսարանի ղեկավար Ճունգօ Հիպիյեան, ներկայ եղած են Ճափոնի հասարակական ու մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համալսարաններու դասախօսներ, ուսանողներ, հայ համայնքի անդամներ:

Ելոյթներուն մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ Ճափոնի մէջ հայկական առաջին խաչքարի տեղադրումը կարեւոր եւ խորհրդանշական քայլ է՝ հաշուի առնելով, որ անիկա իրականացած է քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած երկիրի կողմէ եւ խաղաղութեան ու բարեկամութեան պատգամ կը հանդիսանայ ժողովուրդներուն եւ գալիք սերունդներուն: Նշուած է նաեւ, որ խաղաղութեան խաչքարի տեղադրումը հայ­ճափոնական բարեկամութեան շարունակականութեան եւ ամրապնդման վկայութիւնն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին