Մի քանի օրէն հին տարին հրաժեշտ պիտի առնէ մեզմէ, եւ մենք նոր յոյսերով պիտի դիմաւորենք նոր տարին:
Ամանորի եւ Սբ. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով, Երեքշաբթի 22 Դեկտեմբեր 2015-ին, վարժարանիս աշակերտները բերկրանքով եկան դպրոց: Անոնք առաւօտուն ուղղուեցան Սբ. Վարդանանց եկեղեցի հաղորդուելու Քրիստոսի արիւնով եւ մարմնով: Ապա վերադարձան դպրոց եւ խաղավայրին մէջ ուրախ ժամանակ անցընելէ ետք, մանկամսուրէն 9-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներով ուղղուեցան «Mc Donald», ուր մեծ խանդավառութեամբ խաղցան եւ ճաշակեցին համադամ ուտելիքներ: Այս պտոյտը մեր աշակերտներուն տրամադրուած էր «Ժպիտ» կազմակերպութեան կողմէ: Դպրոց վերադառնալէ ետք, Ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն նախաձեռնութեամբ, Նախ. Ա.էն – 9-րդ դասարաններու աշակերտներուն բաժնուեցան նուէրներ:
Նոյն օրը մանկապարտէզի փոքրիկները Կաղանդ Պապուկը դիմաւորեցին երգելով ու պարելով, ոմանք համարձակօրէն մօտեցան անոր, ուրիշներ կը վախնային անկէ, կային փոքրիկներ որոնք նոյնիսկ չէին համարձակեր նայելու այս կարմիր հագած ծերուկ Պապուկին, որ նուէրներով լեցուն տոպրակով եկած էր։ Ան նուէրներ բաժնեց նուիրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կողմէ՝ խաղալիքներ, վարժարանիս ծնողած յանձնախումբի կողմէ՝ գաւաթներ, մէջը կրկնեփուկ եւ «popins», նաեւ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի կողմէ արեւմտահայերէն հեքիաթներու եւ երգերու լսահոլովակներ՝ «Մենք եւ Աշխարհը» խորագիրով։ Փոքրիկներուն ուրախութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ Կաղանդ Պապուկը յայատարարեց, թէ Ծաղիկ, Կոկոն, Բողբոջ եւ Մանկամսուր դասարանները պիտի ուղղուին դէպի «Mc Donald» Տօրա, շարունակելու համար իրենց տօնակատարութիւնը, նուիրուած «Ժպիտ» կազմակերպութեան կողմէ։ Այդ օր փոքրիկները տուն վերադարձան նուէրներով ու իրենց պատրաստած կաղանդի յարմար ձեռայիններով։ Վարձքը կատար բոլորին:
Կը շնորհաւորենք բոլորին Նոր Տարին եւ Սբ. Ծնունդը՝ մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատութիւն:
Թղթակից