Դեկտեմբեր 22ի երեկոյեան ազրպէյճանական կողմը կրակած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին Դեկտեմբեր 23-ին NEWS.am-ին տեղեկացուցած են՝ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն` նշելով, որ այժմ գիւղին մէջ իրավիճակը հանդարտ է:
NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան նշած է, որ գիւղին մէջ իրավիճակը հանգիստ է եւ Երեւան-Թիֆլիս միջպետական ճանապարհի Ոսկեպար-Բաղանիս հատուածը բաց է:
«Մեր բանակի համապատասխան գորոծողութիւններէն յետոյ կրակը դադրեցաւ: Բնակչութեան մէջ տուժածներ չկան: Երեւան-Թիֆլիս միջպետական ճանապարհի Ոսկեպար -Բաղանիս հատուածը բաց է»,ըսած է գիւղապետը: