«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ծիրէն ներս, մեկնարկած են Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքները, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը: Դեկտեմբերէն արդէն իսկ սկսած է համալիրի հիւսիսային մուտքի վերանորոգումը:
«Որոշուեցաւ աշխատանքները սկսիլ հիւսիսային մուտքէն, որ կարեւոր էր թէ՛ զբօսաշրջիկներու համար խոչընդոտներ չստեղծելու, թէ՛ համալիրի վերականգնման աշխատանքները ճիշդ կազմակերպելու տեսանկիւնէն: Ասիկա այն դարպասն է, որ գործած է պատմականօրէն: Այս դարպասէն մուտք գործելով մէկանգամէն իր ամբողջ վեհութեամբ կ՛երեւի Սուրբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցին, նաեւ շատ գեղեցիկ տեսարան կը բացուի: Աշխատանքներու ընթացքին ոչ միայն կ’ամրացուի մուտքի պարսպապատը, այլ նաեւ կը վերականգնի սկզբնական տեսքը», նշած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը իրականացնող «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի ղեկավար Էդկար Մանուկեանը:
Մինչեւ շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկը` մասնագիտական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացած են շարք մը հետազօտութիւններ, որոնց շարքին երկրաֆիզիքական, երկրաբանական, նիւթաբանական, տարածքի երկրաշարժական վիճակին, կառոյցներու ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւններ, լազերային սքանաւորում:
Ուսումնասիրուած են նաեւ Տաթեւի վանական համալիրին վերաբերող մատենագիտական եւ արխիւային փաստաթուղթերը` վերականգնման աշխատանքները պատմական տեսքին եւ կառուցապատման համապատասխան իրականացնելու համար:
Վանական համալիրի հիմքը ստորգետնեայ ջուրերէն պաշտպանելու եւ խոնաւութենէ զերծ պահելու համար կոյուղիի նոր համակարգ կառուցուած է:
«Հիւսիսային մուտքէն ետք պիտի մեկնարկեն համալիրին միւս կառոյցներուն` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, զուգահեռ պիտի իրականանայ Ճօճուող սիւնի` Գաւազանի եւ Զանգակատան վերականգնումը», ըսած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ղեկավար Հայկ Թութունճեանը:
Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքները իրականացնելու ընթացքին, IDeA հիմնադրամը կը համագործակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ճարտարապետական խորհուրդին եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ:
«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի վերանորոգել եւ վերականգնել վանական համալիրին բոլոր` թէ՛ եկեղեցական եւ թէ օժանդակ կառոյցները: