Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Սուրբ Ծննդեան Համերգ Մասնակցութեամբ Քուէյթի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Քուէյթի Եկեղեցիներու կազմակերպութեամբ այս տարի եւս տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան համերգ: Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ, Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու, քահանայից դասի եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան՝ ելոյթ ունեցած են տարբեր եկեղեցիներէ ինը երգչախումբեր: Համերգին ներկայ եղած են Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան եւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան:

Սոյն համերգին հայ համայնքը ներկայացուցած է Ազգային Առաջնորդարանի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը՝ կատարելով «Այսօր Տօն է», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» շարականները եւ «God Rest Ye Merry Gentlemen» երգը: Այս մասին կը հաղորդեն Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին