Սահմանին կանգնած զինուորէն կախեալ է մեր երկրի բարօրութիւնը. Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի, Հայաստանի խորհրդարանի Հանրապետական խմբակցութեան անդամ Շուշան Պետրոսեան` անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանի լարուած իրավիճակին:
«Ինծի համար առաջնայինը մեր սահմանի խաղաղութիւնն է, մեր տղաներու, մեր արծիւներու անփորձանք ծառայութիւնն ու մեր` իրենց մէջք լըլլալն ու ոգեղէն սատար կանգնիլը: Այդ մէկը ամենակարեւոր հարցն է այսօր եւ անկէ կախուած է մեր երկիրին մէջ կատարուող որեւէ բարեփոխման ճիշդ ընթացքի մէջ ըլլալը», ըսած է ան:
Շուշան Պետրոսեանի խօսքով` Ազրպէյճանի անփոփոխ ձեռագիրն է, բոլոր կարեւոր հանդիպումներէն առաջ ու ետք իր իրական դէմքը ցոյց տալ:
«Նաեւ մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ու խորհուրդ ունեցող օրերուն` Յունուար 28-ին, Ապրիլ 24-ին, Մայիս 9-ին, Սեպտեմբեր 21-ին, իրենց իրական դէմքը ցոյց տալ: Ի հարկէ մենք գիտենք այդ մասին եւ միշտ համարժէք քայլեր կ՛առնուին` կանխելու այդ ստոր ու փոքրհոգի ստահակներու քայլերը, բայց պատերազմը ունի իր օրինաչափութիւնը եւ շատ կը ցաւմ, բայց մենք ալ կորուստներ կ՛ունենանք: Իւրաքանչիւր վատ լուր լսելով ամբողջ ազգը կը տառապի, կ՛ողբայ, ցասումը կը դառնայ անկառավարելի ու բոլորը մէկ մարդու նման կորուստը կ՛ընկալեն որպէս իրենցը, անձնականը…։ Հաւատացած եղէք, ամէն զոհի հետ ես ալ քիչ մը կը մեռնիմ: Այդ մէկը իմ երկրիս, իմ ընտանիքիս տղան է, իմ զինուորս…», ըսած է երգչուհին:
Շուշան Պետրոսեանի ցանկութիւնը մէկն է` խաղաղութիւն. «Ամէն երկիր ունի սահման ու սահմանապահ, մենք ալ ունինք, պարզապէս հարեւանի առումով բախտերնիս չի բերած: Երազանքս մէկ է` կ՛ուզեմ, որ մեր զինուորները, սահմանապահները անփորձանք ու խաղաղ, արժանապատուօրէն անցնեն ծառայութիւնը ու վերադառնան իրենց մայրերուն գիրկը, գան իրենց տաքուկ տուները, ընտանիք կազմեն, զաւակներ ունենան: Հիմա կը խօսիմ Ձեզ հետ ու արցունքներս կը վազեն, երբ մտածում եմ քանի-քանի ընտանիքներ չկազմուեցան, ինչքան հայ մանչուկներ չծնան… ինծի համար ողբերգութիւն է, երբ սահմանի լարուածութիւններէն ու կորուստներէն յետոյ մէյ մըն ալ կը կարդամ որոշ «հայեր»ու արձագանգներն ու մի քննադատական խիստ միտքը, ի՞նչ միտք, թշնամիին քննադատող բառ չեմ գտներ… ինչպէ՞ս , այդ ինչպէ՞ս: Մենք փայլուն հրամանատարներ ունինք, որոնք օրերով ի՞նչ տուն, անգամ աշխատասենեակ չեն երթար, իրենց զինուորներու կողքն կ՛ըլլան խրամատներու մէջ: Փա՛ռք ու պատիւ մեր հրամանատարներուն, մեր զինուորներուն: Շատ պարագաներու իրենք կը կատարեն պատժիչ գործողութիւնները` կանխաւ հրաման արձակելով, որ զինուորները մնան իրենց տեղը: Յարմարաւէտ, տաքուկ տուներու մէջ նստած, Հայոց բանակն ու հայ սպային քննադատողը ո՞վ է, եթէ ոչ դաւաճան: Կ’արտայայտուի՞ այդ նոյն «քաջութեամբ»` տղոց աչքերուն նայելով, դէմ դիմաց կանգնած, թէ՞ անոր սուրը միայն երեւութական տիրոյթի մէջ կը կտրէ»:
Ամիսը մէկ-երկու անգամ սահման այցելող Շուշան Պետրոսեան համակարծիք չէ, որ սահմանը կանգնած են միայն խեղճ ու կրակ ընտանիքներու երախաները, իսկ պաշտօնեաներու տղաքը իրենց տաքուկ տուներէն դուրս չեն գար: Շատերը անձամբ կը ճանչնայ:
«Այդ ըսողները եղա՞ծ են սահմանին վրայ, տեսա՞ծ են, թէ ինչ ապահով ընտանիքներու ծառայող տղաք կան: Ինչպէ՞ս կարելի է այդպէս անգէտ, չար ու այդքան սիրողական մակարդակի գիտելիքներով, ուղղակի բողոքի ալիք բարձրացնել ու բան մը ըսել` ուղակի ըսելու համար: Գիտէ՞ք ընկերներ ունիմ լաւ կրթութեամբ, աշխատանքով ապահովուած, մէկուն որդին Մատաղիսի մէջ կը ծառայէ, մէկը Տօնաշէնի, մէկը Թալիշի, երկուքը Մարտակերտի մէջ: Ամէն անգամ սահման մեկնելու ժամանակ կը հարցնեմ` ի՞նչ կայ տանելու: Հեռու է, միշտ դիւրին չէ հոն երթալը, բայց ես սորված եմ ու ամսուան մէջ մէկ-երկու անգամ կ՛երթամ- կու գամ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ չի բացառեր, որ հակառակ օրինակներ չկան, բայց կուրօրէն բոլորին նոյն պիտակով դրոշմելը սխալ կը համարէ:
«Ի հարկէ չենք կրնար բացառել, որ անարդարութիւններ կ՛ըլլան, իսկ կա՞յ ոլորտ մը, ուր մարգարէական արդարութեամբ անսխալականներ կը գործեն: Մեզի այսօր աւելի քան երբեւէ սէր պէտք է, իրար սատար կանգնիլ պէտք է, ոգի պէտք է: Սահմանը պահող զինուորը ունի մէկ խնդիր, մէկ հակառակորդ, մէկ թիրախ ու անոր բոլորովին չեն հետաքրքրեր ձեր ցանկութիւնները, ձեզի ոչ հասու ոլորտներէ «հեղինակաւոր» ու դատարկ կարծիքներ յայտնելը: Հայաստանի քաղաքացին իր երկրի սահմանը պահող զինուորին միայն իր ուժեղ, ոգեղէն գաղափարով պէտք է ծառայէ: Հայոց բանակը միակ մարմինն է, միակ տեղը, ուր կուսակցութիւնն ու գաղափարը մէկն է` Հայրենիքը», ըսած է ան: