Քանի մը օրէն ականատես ու ականջալուր պիտի ըլլանք զանգերու տասներկու անգամ դամբելուն: Ալեհեր անցնող տարին սահնակով պիտի սուրայ պատմութեան բաւիղնեու մէջ եւ մանուկ Նոր Տարին զուարթ ճախրանքով պիտի գայ երկիր, իրեն հետ բերելով խինդ եւ խաղաղութիւն: Տօնական օրերը ժամանած են, իրենց զանազան սովորութիւններով, զարդարուած ծառերով եւ համադամ խոհանոցային պատրաստութիւններով:
Այս տօնական մթնոլորտին մէջ Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեանժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի կազմակերպած խրախճանքը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի զոյգ տօներու առիթով: Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեանը, որ բարի գալուստով ողջունեց ներկաները, յատկապէս նշելով ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեանն ու անդամները, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեանն ու անդամները, Վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանն ու անդամները, Վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Զեփիւր Գէորգեանն ու տիկինները, հիւրերը, բարեկամները, ծնողները, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը, որոնց բոլորին զօրակցութեամբ է, որ կը շարունակուի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հայակերտման նուիրական գործը:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարուան կազմակերպուած աւանդական Ամանորեայ խրախճանքին հասոյթը եւս պիտի յատկացուի «Չքաւոր Սաներու» ֆոնտին, որովհետեւ միայն ու միայն հայ դպրոցն է, որ կը ջամբէ հայեցի կրթութիւն նոր սերունդին: Վարժարանիս տնօրէնուհին նաեւ անդրադարձաւ կրթական այս օճախին 65 տարուան հարուստ պատմութեան՝ մատնանշելով այն տեսլականը, որ նորանոր վերելքի եւ յարատեւ բարգաւաճ ապագայի ձգտումներով պիտի շարունակէ իր հաստատուն երթը՝ դաստիարակելով նորանոր սերունդներ, որոնք պատիւ պիտի բերեն թէ՛ իրենց ընտանիքներուն եւ թէ ազգին, չմոռնալով իրենց ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտնալով, որ հայութիւնն ու հայկականութիւնը միակ ամրոցներն են, ուր հայը կրնայ ամուր զգալ ու գոյատեւել:
Շնորհակալական ու երախտիքի խօսքեր ուղղուեցան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին, որոնք մշտապէս թիկունք կը կանգնին Վարժարանին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նորակազմ Սանուց Միութեան, ատենապետութեամբ Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանին: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Studio Fine Arts ընկերութեան տէր Վարդան Գէորգեանին , որ իր կամաւոր աշխատանքով՝ նկարահանումով, օժանդակեց սոյն խրախճանքը:
Երեկոն ճոխացուց հայկական, արաբական եւ միջազգային երգերով լիբանանահայ գաղութի սիրուած երգիչ Պերճ Նագգաշեանն ու իր նուագախումբը:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեացան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ կայացաւ վիճակահանութիւն, որոնց մեծագոյն պարգեւը՝ երթ ու դարձի տոմս դէպի Կիպրոս, առաւել մէկ գիշեր պանդոկ, տրամադրուած էր Polo Travel-ի կողմէ, տէր եւ տիրական Պրն. Փօլ Տէմիրճեանէն:
Հուսկ կը մնայ բոլորին շնորհաւորել գալիք Ամանորն ու Սրբ. Ծնունդը՝ մաղթելով, որ 2016 տարին ըլլայ խաղաղ, արեւշատ, յաջողութիւններով լեցուն ու բեղմնաւոր տարի մը:


