Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Գառնուկը Վստահիլ Գայլերուն Կամ Ինչպէս Կ’ապրին Սուրիացի Փախստականները Թուրքիոյ Մէջ

*ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու թեման՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնն է երկար ժամանակէ ի վեր: Խնդիրը աւելի սուր բնոյթ ստացաւ, երբ ատոր հետ անմիջապէս առնչուեցաւ նոյնինքն եւրոպական հասարակութիւնը, թէեւ այս գաղթականներու կէսէն աւելին չորս տարիներէ ի վեր փախստական են Թուրքիոյ մէջ եւ ճիշդ այդտեղէն ալ կը փախչին դէպի Եւրոպա:

Սուրիացի փախստականները պաշտօնապէս սկսած են Թուրքիա մուտք գործել 2011 թուականի Ապրիլէն: Պատերազմի գաղթականներուն առջեւ դռները բացած Թուրքիան, աշխարհին ցոյց տուաւ իր «հիւրընկալութիւնը» եւ «մեծահոգութիւնը»: Ի հարկէ` ոչ անվճար:

Այն փաստը, որ թրքական կառավարութեան թուրքերուն համար ազատ վիզայի կարգը եւ 3 միլիառ եւրոյի տեսքով պահանջները՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կողմէ բաւարարուեցան, բոլորովին զարմանալի չէր: Իսկ այն պարագան, որ սուրիացի գաղթականներու բեռէն ազատիլ փորձող Եւրոպան, թուրքերուն վիզա բաժնելով քանի մը տարիէն պիտի բախի ոչ պակաս վտանգաւոր խնդիրի մը` այս անգամ եւրոպական քաղաքներու աւելի մեծ թափով «թրքացման» հետ, միայն ու միայն եւրոպացիներու խնդիրն է:

Ինչ որ կը ցանկամ քննարկել` արդեօ՞ք այս շռայլ նուէրները ընդունող Թուրքիան, ի վիճակի է այդքան գաղթականներու խնդիրները լուծել կամ արդեօք կը լուծէ՞ այս մարդոց խնդիրները եւ ամէնէն առաջ հասկնանք. եթէ Թուրքիան այդքան հիւրընկալ ու մեծահոգի է այս փախստականներուն հանդէպ, ապա ինչու՞ անոնց թրքական նաւահանգիստներէն հարիւր հազարներով կը փախչին Եւրոպա եւ վիզաներէն, տոլարներէն ու եւրոներէն բացի ի՞նչ հարցերով թուրքերը կ’օգտուին սուրիացի գաղթականներու ծանր վիճակէն:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Թուրքիոյ մէջ կը բնակին աւելի քան 2, 200 000 սուրիացի գաղթականներ, որոնց համար մինչեւ օրս Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ըստ իր ներկայացուցած պատկերին, ծախսած է 8 միլիառ տոլար:

Եւ մինչ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մեծ մասը կը բողոքեն, թէ վերջին տարիներուն այդքան ալ լաւ տնտեսական վիճակի մէջ չգտնուող իրենց երկիրին կառավարութիւնը՝ ինչու՞ որոշած է ընդունիլ այդքան սուրիացի գաղթականներ, թուրք-սուրիական սահմանը կը շարունակէ բաց մնալ ու ծառայել ոչ միայն պատերազմէն փախչողներուն, այլ տարիներ շարունակ նոյն այդ սահմանէն ներս ու դուրս ընող իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչներուն համար, որոնք ի դէպ իրենց գրասենեակները ունին նոյնինքն Սթամպուլի սիրտին մէջ եւ յաճախ անվճար բժշկական օգնութիւն կը ստանան Ուրֆայի եւ Այնթէպի մէջ:

Չորս տարուան ընթացքին սուրիացի գաղթականներու ծախսերը հոգալու նպատակով՝ արտերկրէն Թուրքիա մտնող գումարի չափը, մինչեւ Էրտողանի Պրիւքսելի մէջ ունեցած վերջին բանակցութիւնները՝ կը հաշուէր 400 000 միլիոն տոլարէ աւելի:

Խնդիրին շուրջ Եւրոպայի հետ վերջին քննարկումներու ժամանակ, ինչպէս յայտնի է Թուրքիոյ եւ ԵՄի միջեւ ազատ վիզայի կարգի ու «Սուրիացի գաղթականներու բոլոր կարիքները բաւարարելու եւ գաղթականներուն իրենց հարազատ տարածաշրջանը չլքելու համար պայմաներ ապահովելու նպատակով»,   3 միլիառ եւրոյի օգնութեան շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ Թուրքիոյ վերջին «խոշոր շահումն էր» այս խաղէն:

Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ են անոնք, որոնց շուրջ կը պտտի այս ամբողջ խաղը ու արդեօ՞ք կը ցանկան Թուրքիա մնալ. թերեւս այդ մէկը քիչերուն կը հետաքրքրէ:

Մեր հարցումներն ու փոքրիկ ուսումնասիրութիւնը ուղղուած էին հետեւեալ հարցին պատասխան գնտելու. արդեօ՞ք Թուրքիոյ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը կատարէ իր` պատերազմի փախստականներուն հանդէպ օրէնքով ստանձնած պարտականութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականները օրէնքով ունին հարկային որոշ արտօնութիւններ, իրաւունք ունին անվճար բժշկական օգնութիւն եւ կրթութիւն ստանալու: Թէեւ այս արտօնութիւններէն կրնան օգտուիլ գաղթականներու միայն շատ փոքր հատուած մը:

«Ինը հոգիով մէկ սենեակի մէջ կ’ապրինք, ընդհանուր պայմանները սարսափելի են, բաղնիք եւ առանձին պէտքարան չունինք: Երախաներուն դպրոց գրանցելու դժուարութիւններ ունինք, ուրիշ ծնողքներ չեն ցանկար, որ իրենց երախաներու դասարանին մէջ սուրիացի փախստականի երախայ յաճախէ, իսկ տնօրէնները միւսներուն հետ խնդիրներ չեն ուզեր ունենալ:

Երախաներուն թրքերէն չգիտնալն ալ խնդիր է: Անոնց համար որեւէ լեզուի դասընթացքներ չեն կազմակերպուիր: Ձմեռային հագուստի եւ սնունդի խիստ պակաս կը զգանք: Եկած էինք երեք ամիսով, դարձաւ երեք տարի, երանի օր մը վերադառնանք…»:

Ասիկա Թուրքիոյ մէջ մեր հանդիպած սուրիացի փախստականներէն միայն մէկն էր:

Իրականութեան մէջ այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ կ’ապրին՝ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներու գերակշիռ մասը:

Թուրքիա անցնող սուրիացի փախստականներուն մեծ մասը սկիզբէն այստեղ եկած է՝ կարճ ժամանակ անց հայրենիք վերադառնալու միտքով, իսկ ոմանք ալ յետագային Եւրոպա անցնելու նպատակով: Եկողներուն զգալի հատուածը Հալէպէն, Ղամիշլիէն եւ Ռուպանէյէն են, թէեւ կարելի է ըսել, որ այստեղ կան Սուրիոյ գրեթէ ամէն կողմէ գաղթածներ:

Անոնց մեծ մասը կ’ապրին Թուրքիոյ Հաթայ, Ատանա, Կազիանթեպ, Շանլըուրֆա, Մարտին,Մալաթիա, Ատըեաման, Շըրնաք, Պաթման եւ Էլեազըղ նահանգներու մէջ. այսինքն յաճախ փախստականները շատ հեռու չեն գացած սահմանէն, հնարաւորութեան պարագային կրկին Սուրիա վերադառնալու նպատակով:

Սակայն փախստականներու մէկ այլ հատուած մը հաստատուեցան աւելի մեծ քաղաքներու` Գոնիայի, Անգարայի, Անթալիոյ, Իզմիրի եւ ի հարկէ Սթամպուլի մէջ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու 400 000 սուրիացի փախստականներ կ’ապրին Սթամպուլի մէջ: Սակայն այս մէկը միայն պաշտօնական տուեալներու համաձայն:

Դէպի Թուրքիոյ արեւմուտք շարժող եւ հիմնականին մէջ նաւահանգիստային քաղաքներու մէջ ապաստանած այս փախստականները, մեծ մասամբ դէպի Եւրոպա արտագաղթելու առիթներ փնտռողներն են, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու համեմատաբար ֆինանսապէս ապահովուած խաւը, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ կը հիմնեն իրենց փոքր եւ միջին գործարարութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի փախստականներու ազգային պատկանելութեան, անոնց մէջ կը գերակշռեն արաբներն ու քիւրտերը, որոնք հիմնականօրէն կը հարին իսլամի սիւննի ճիւղին, թէեւ քիչ չեն նաեւ շիա-ալեւի արաբները: Գաղթականներուն մէջ կան նաեւ եզիտիներ ու քրիստոնեաներ՝ հայեր եւ ասորիներ:

Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Իրաքէն Թուրքիա գաղթած հայերուն թիւը միւսներուն համեմատ բաւական համեստ է եւ ամբողջ երկիրի տարածքին մէջ չի գերազանցեր 10 000-ը: Անոնց մէկ հատուածը կը բնակի Սթամպուլ, Հաթայ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ` Եօզղատ, Էրզրում, Ուրֆա, Մարտին եւ այլն: Վերջիններս յայտնուած են մեղմ խօսքով ըսած, ոչ այնքան բարենպաստ միջավայրի մէջ եւ ստիպուած են թաքցնել իրենց ազգային ու կրօնական պատկանելիութիւնը: Իսկ կրթութեան ու աշխատանքի մասին խօսիլը աւելորդ է: Քիչ թէ շատ աւելի բարենպաստ վիճակի մէջ են Սթամպուլ հասած հայ գաղթականները, որոնք տեղի հայկական եկեղեցւոյ միջոցով որոշակի աջակցութիւն ստացան Կ. Պոլսոյ հայերէն: Շատեր յաջողած են իրենց երախաները գրանցել հայկական համայնքի դպրոցներուն մէջ, թէեւ երախաներուն մէկ մասը դեռ «հիւր-աշակերտ»ի կարգավիճակի մէջ է եւ դպրոցէն չեն ստանար համապատասխան վկայական՝ յետագայ ուսումը համալսարանի մէջ շարունակելու համար:

Թէ Սթամպուլի եւ թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ յայտնուած հայ գաղթականները Թուրքիա եկած են՝ յետագային Եւրոպա կամ ԱՄՆ անցնելու նպատակով:

Վերադառնալով Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու ընդհանուր խնդիրներուն` նշենք, որ թէեւ անոնցմէ ոմանք յաջողած են աշխատանք ու նոյնիսկ սեփական գործարարութիւն զարգացենելու ուղիներ գտնելու, սակայն գաղթականներուն մէջ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ գտնուողներն ու պետութեան կողմէ յատուկ հոգածութեան կարիք ունեցողները կը գերակշռեն:

Փախստականներու իրաւունքներու միջազգային ընկերակցութեան (International Refugee Rights Association) իրականացուցած ուսումասիրութեան համաձայն (https://multecihaklari.org.tr/turkiyede-bulunan-suriyeli-multecilere-dair-istatistikler/), Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներու 63.3%-ը կը բնակին վարձով, 21.5%-ը լքուած ու աւերակ տուներու, 10.3 %-ը վրաններու, իսկ մնացեալները այգիներու, փողոցներու մէջ եւ այլն:

Գաղթականներու շուրջ 36.7%-ը ունի բժշկական օգնութեան, իսկ 31.7% -ը դեղօրայքի կարիք:

Հիւանդներու 39%-ին պնդմամբ` պետական հիւանդանոցներէն չեն կրնար ստանալ իրենց հասնելիք անվճար դեղօրայքը: Փախստականներուն 38.3%-ը կը յայտնէ, որ իրենց կացարանային պայմանները շատ վատ են, իսկ 9.3%-ը մշտական վախի մէջ է, որ կրնան ամէն վայրկեան դուրս վռնտուիլ իրենց ժամանակաւոր կացարաններէն:

Սուրիացի փախստականներուն 21%-ը Թուրքիոյ մէջ սովի մատնուած է, իսկ 46%-ը գրեթէ միշտ մեծ դժուարութեամբ սնունդ կը հայթայթէ: Փաստերը ցոյց կու տան նաեւ, որ լեզուական, ընդելուզման եւ ընկերային խնդիրներու պատճառով, սուրիացի երախաներուն մեծ մասը Թուրքիոյ մէջ չեն կրնար կրթութիւն ստանալ: Թէեւ հարկ է նշել, որ ծանր նիւթական պայմաններու մէջ գտնուող ընտանիքներու երեխաները, յաճախ հնարաւորութեան պարագաներու մէջ ալ չեն կրնար դպրոց յաճախել, քանի որ ստիպուած են աշխատելու:

Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու աշխատանքային պայմանները՝ առանձին եւ բաւականին բարդ թեմա է:

Սուրիացի գաղթականներէն մեծ զանգուած մը Թուրքիոյ մէջ կը շահագործուի բազմաթիւ գործատուներու կողմէ՝ մասնաւոր գործարաններու մէջ, խանութներու եւ ի հարկէ հասարակաց տուներու մէջ ու «մուրացկանութեան գործով»:

Անշուշտ մեծ սխալ կ’ըլլայ պնդել, որ նշուած վերջին երկու ոլորտներուն մէջ բոլորը զոհ են եւ իրենց կամքէն անկախ յայտնուած են այդ գործերուն մէջ:

Սակայն պէտք է խօսինք Սթամպուլի մէջ 12 ժամ աշխատող եւ 100 տոլար վաստակող անչափահաս սուրիացի գաղթականներու եւ անմիջապէս թուրք-սուրիական սահմանին վրայ վաճառուող կանանց ու աղջիկներուն մասին, որոնց շահագործողները բոլորովին ալ անօրինական կազմակերպութիւններ չեն եւ բաւական լուրջ հարկեր կը վճարեն պետութեան:

Անձնագիր ունեցող իւրաքանչիւր Սուրիոյ քաղաքացի Թուրքիոյ մէջ մէկ տարուան բնակութեան թոյլատրութիւն կը ստանայ եւ կրնայ դիմել աշխատելու իրաւունք ստանալու համար: Սակայն քիչ չեն անգամ որեւէ փասթաթուղթ չունեցող փախստականները, որոնք սակայն բազմաթիւ վկայութիւններու համաձայն` անկախ այդ ամէնէն կ’անցնին թուրք-սուրիական սահմանը առանց մեծ դժուարութիւններու:

Անօրինական այս փախստականները ամենախոցելի խումբն են եւ ամէնէն շատ կ’ենթարկուին շահագործման ամենատարբեր ոլորտներու մէջ:

Գաղթական դեռահասները եւ երիտասարդները հիմնականին մէջ իրենց ապրուստի վաստակին համար կ՛աշխատին կերպասի արտադրամասերու մէջ, ուր անոնց աշխատավարձը կը կազմէ միջինը 100-էն 250 տոլար (այն պարագային, երբ տեղացի աշխատողները այդ նոյն գործը կատարելուն կը վաստակին 350-է մինչեւ 500 տոլար):

Սուրիացի անչափահասները Թուրքիոյ   քաղաքներուն մէջ շատ յաճախ նաեւ կ’աշխատին որպէս հաւաքարար, բեռնակիր եւ շրջիկ վաճառողներ:

Քիչ չեն Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու հանդէպ թէ՛ գործատուներու, թէ հասարակ քաղաքացիներու կողմէ կիրառուած ֆիզիքական բռնութեան դէպքերը:

Երկիրին արեւելքը, ուր բնակչութեան կենսամակարդակը հինգ անգամ ցած է՝ քան ամբողջ Թուրքիոյ միջինը, եւ աշխատատեղերը այդքան ալ շատ չեն, ցաւօք սրտի այս փախստականներու հիմնական գործը մուրացկանութիւնն է:

Մինչ մարմնավաճառութեան եւ մուրացկանութեան գործի առաջնորդները Թուրքիոյ մէջ մեծ օգուտներ կը քաղեն սուրիացի փախստականներու ներհոսքէն, հասարակ քաղաքացիներու դժգոհութիւնը օր օրի կ’աճի. անոնք կը բողոքեն ոչ միայն մուրացկաններու եւ գողութեան դէպքերու շատնալուն, այլ նաեւ վարձով տուներու գիներու կտրուկ աճի, աշխատատեղերու նուազման եւ այլն (բնականաբար, բազմաթիւ գործատուներ կը նախընտրեն աժան աշխատուժն ու իրենց նախապատուութիւնը տալ սուրիացի փախստականներուն, որոնց հանգիստ կերպով պարզապէս կոպեկներ կրնան վճարել):

Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մեծ մասը կը կարծէ, որ իրենց երկիրը պատրաստ չէր այդքան մեծ թիւով գաղթականներու ապաստան տրամադրելու եւ կերակրելու:

Երբեմն սուրիացի գաղթականներու դէմ լարուած տրամադրութիւնները թուրք հասարակութենէն ներս կը հասնին իրենց գագաթնակէտին:

Սակայն «երկրիս մէջ սուրիացի փախստական տեսնել չեմ ցանկար» բղաւող թուրքերը, կարծէք թէ իրենց բողոքը արտայայտելու համար սխալ հասցէ ընտրած են, քանի որ թուրք-սուրիական սահմանը փակելու մտադրութիւն Թոււրքիոյ կառավարութիւնը կարծէք թէ դեռ չունի, իսկ միլիառներու դիմաց գաղթականներուն Թուրքիոյ մէջ «բանտարկած» եւրոպացիները, գործած են ըստ թրքական ասացուածքին՝ «Kuzuyu kurtlara emanet etmek» (Գառնուկը վստահիլ գայլերուն):

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին