Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ռոզարիոյի Հայ Համայնքը Ամփոփած Է 2015 Թուականը

Դեկտեմբեր 12-ին Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքի հայ համայնքը, Հայ Կեդրոնի ղեկավար Խուան Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, տարուան վերջի հաւաք-ձեռնարկ կազմակերպած է: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկանայ Արժանթինի մէջ իր աղբիւրներէն:

Ամէնամեայ ձեռնարկին նպատակը Ռոզարիօ ապրող շուրջ 300  հայերուն մէկտեղելն է` քննարկելու համար մէկ տարուան ընթացքին իրականացած ծրագիրները եւ ուղենշելու յետագայ ընելիքները: Հաշուետու զեկուցումներ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:

Ձեռնարկին ներակայացուցչական կազմով մասնակցած են նաեւ Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, Հայ Կեդրոնի ու Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեան:

Ընդհանուր առմամբ տօնական երեկոյին ներկայ  եղած են 200 մարդիկ: Ներկաներուն հայկական պարերու կատարումներով ողջունած է Քորտոպայի «Փարուանա» պարախումբը:

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին