Արաբ գրող եւ գրաքննադատ Մուհամէտ Հիճազին «Էլ Մէյատին»ի մէջ կը գրէ՝ ներկայիս Պէյրութի մէջ ցուցադրուող «Խենթի մը պատմութիւնը» (une histoire de fou) ֆիլմին մասին, ուր կը տրուի զոհի մը պատմութիւնը, որ կը պահանջէ հանդիպիլ զինք վնասողին հետ…։ Ֆիլմին մէջ կը պատկերացուի հայկական զինեալ պայքարը Թուրքիոյ դէմ, որ տակաւին չէ ճանչցած հայոց ջարդերը:
Հիճազին կը գրէ, որ ֆիլմը ազնիւ է, համարձակ եւ կը բացատրէ հայկական հարցի հանգամանքները ամենայն հաւասարակշռութեամբ ու տրամաբանութեամբ: Ֆիլմը կը ներակայացնէ հայկական հարցը քաղաքական, ընկերային եւ զինեալ տեսանկիւններէ:
Ֆիլմը նկարահանուած է Լիբանանի, Մարսէյլի եւ Հայաստանի մէջ, բեմադրիչը Ռոպերթ Կիտիկեանն է։ Ան կը պատմէ Խոսէ Անթոնիօ Կուրիարանի մասին, որ իրական պատմութիւն է: Ֆիլմի առանցքը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներն են, որոնք 100 տարի առաջ բնակութիւն հաստատած են Մարսէյլի մէջ, որոնց մէջ էր Արամը ծնողքին հետ, հայրը` հրուշագործ մը, որ բռնութեան դէմ էր եւ կը մտածէր, որ կարելի է նպատակները իրագործել տարբեր միջոցներով՝ առանց զէնքի, մշտական վէճի մէջ էր կնոջ` Անոյշի հետ, որ կ’եկրորդէր մեծ թիւով թուրք պաշտօնատար անձանց սպանութիւնը եւ կ’աջակցէր Արամի մասնակցութեան ցոյցերուն, որոնք կը կազմակերպուէին աշխարհին յիշեցնելու Հայոց հարցը եւ զոհերը:
Արամ կը միանայ զինուած խմբաւորումներու, որ իրեն կը վստահին Թուրքիոյ դեսպանին սպանութիւնը Ֆրանսայի մէջ։ Պայթումի ժամանակ Արամ կը նկատէ երիտասարդ մը դեսպանի մեքենային մօտ, քանի մը վայրկեան կը սպասէ անոր հեռանալուն, բայց ստիպուած գործողութիւնը կը կատարէ, որուն հետեւանքով երիտասարդը կը կորսնցնէ ոտքերը:
Արամի մայրը` Անույշ կ՛այցելէ երիտասարդին բուժման ընթացքին, ներողութիւն կը խնդրէ տղուն եւ ամբողջ հայ ազգին փոխարէն: Անոյշը կը կազմակերպէ սայլակի վրայ երիտասարդին եւ Արամի միջեւ հանդիպումը Լիբանանի մէջ, բայց այնտեղ հասնելով կ’իմանան, որ Արամը պաղեստինեան ռազմական ճամբարի մէջ կը գտնուի, Արամի ընկերներուն միջոցով վերջապէս Անոյշը երիտասարդին հետ կը հանդիպի Արամին, երիտասարդը հարցազրոյց կ’ունենայ Արամին հետ, հանդիպումէն ետք Արամ ժպիտով կը հեռանայ, Արամին մեքենային կը մօտենայ երիտասարդ մը, որ կը սպաննէ Արամը մօր աչքերուն առջեւ:
Նշենք, որ սոյն հետաքրքրական ու տարբեր մտահորիզոննր բացող եւ վերլուծող ֆիլմը կը շարունակուի ցուցադրուիլ՝ ABC Տպայէի Grand Cinemas շարծանկարի ցուցադրասրահներուն մէջ: