Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ճորճ Ճերճեանի Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը

Դեկտեմբեր 17-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրաւէրով լոնտոնահայ Ճորճ Ճերճեանի “Daylight After a Century” ֆիլմի ցուցադրութիւնը կայացաւ ՀԲԸՄ- ի Երեւանի կեդրոնի դահլիճին մէջ:

Ըստ «Հայերն Այսօր»-ի`  վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Ճորճ Ճերճեանի պապի` Գէորգ Ճերճեանի 1912-1913 թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ լուսանկարած արժէքաւոր լուսանկարներու մասին, որոնք յայտնաբերուած եւ այլ արժէքաւոր փաստերու հետ նուիրաբերուած են Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Վաւերագրական ֆիլմը արժանացած է Լոս Անճելոսի «ARPA Film Festival Los Angeles»-ի լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ եւ Թորոնթոյի «Pomegranate Film Festival Toronto»-ի լաւագոյն կարճամեթրաժ ֆիլմ մրցանակներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին