Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Արցախի Սահմանին Վրայ Զինադադարի Ազերիական Խախտումները Կը Շարունակուին

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ ամբողջ գիշերը հակառակորդը շարունակած է սադրանքները ու կրակոցները Ղարաբաղի և Ազրպէյճանի սահմանի ամբողջ երկայնքով, հակառակ երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպման ժամանակ ազրպէյճանական կողմի արտայայտած պատրաստակամութեան` աջակցելու սահմանին վրայ բռնութեան վտանգներու նուազեցման ուղղուած քայլերուն: Հայաստան այս խախտումներուն մասին տեղեակ պահած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը, որ իր կարգին տեղեկացուցած է Մինսքի խումբի համանախագահները:  «Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը և հակառակորդի սանձարձակութիւններուն կու տան թիրախային ու լռեցնող հակահարուածներ», ըսաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:  Իսկ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ սպաննուած է ազրպէյճանցի զինուոր մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին