Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ Իրաքի Նաժաֆ քաղաքի կրօնապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ Շէյխ Ալի Քամալ Պահսունի: Նշենք, որ Նաժաֆ քաղաքը Շիիթ համայնքի կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Շէյխ Պահսուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան այս հանդիպումին համար՝ փոխանցելով, թէ իրենք քաջատեղեակ են իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին ունեցած փորձառութեան ու հեղինակաւոր ազդեցութեան, եւ այդ իսկ նպատակով այս այցելութիւնը կու տան: Ան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ նշեց, թէ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, որովհետեւ նոյն ահաբեկչական ոգին է, որ դժբախտաբար կը գործէ իսլամական կրօնքին անունով՝ երեւոյթ մը, որ դատապարտելի է իսլամութեան եւ յատկապէս Շիիթ համայնքին կողմէ:
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ հայ եւ Շիիթ համայնքներու միջեւ պատմական կապին մասին: Արդարեւ Իրանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ երեք առաջնորդարաններ կը գործեն, որոնք կը կազմակերպեն մեր ազգային եւ կրօնական կեանքը: Անդրադառնալով ահաբեկչութեան երեւոյթին Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ անոր դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը ապագայ սերունդներուն դաստիարակութիւնն է՝ կրօնական ճշգրիտ ըմբռնումներով եւ արժէքներով: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, թէ զինուորական միջամտութիւնները ազդեցիկ միջոցներ չեն արմատախիլ ընելու ահաբեկչութիւնը, որ այսօր դարձած է ամբողջ աշխարհին մեծագոյն թշնամին: Հետեւաբար բոլոր կրօններն ու պետութիւնները միասնական պարտաւորութիւն մը ունին՝ ճիշդ ձեւով եւ միասնական ճիգերով տանելու այս պայքարը: Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէ ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան վրայ՝ Թուրքիոյ պետութեան ունեցած ժխտական դերակատարութեան:
Շիիթ պատուիրակութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ յուսալով, որ ան շարունակէ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ կրօններու խաղաղ համագոյակցութեան ծիրէն ներս տարած աշխատանքը: