ՀՀ Նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, խորհրդակցութիւն ունեցաւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՀ վարչապետը, պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարները, այլ պաշտօնատար անձիք, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը եւ Զինուած ուժերու հրամանատարական կազմը:
Խորհրդակցութեան ժամանակ ամփոփուած են 2014-2015 թուականներուն իրականացած Պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման գործընթացի արդիւնքները: Օրակարգի ծիրէն ներս քննարկուած են Զինուած ուժերու 2016-2020 թուականներու զարգացման ծրագիրն ու Սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու զարգացման պետական ծրագիրը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու վարման ձեւերն ու եղանակները, Զինուած ուժերու ղեկավարման համակարգն ու զարգացման հիմնական ուղղութիւնները, ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական սարքերով Զինուած ուժերու շարունակական համալրման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները: Անդրադարձ եղած է Սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու զարգացման նախորդ` 2011-2015 թուականներու պետական ծրագիրի իրագործման. արձանագրուած է, որ ան կատարուած է ամբողջութեամբ:
Նախագահը ընդգծած է, որ հայկական բանակը գերժամանակակից սարքերով լայնօրէն համալրման գործընթացին համահունչ, անհրաժեշտ է նոյնքան ուշադրութիւն դարձնել այդ սարքերու օգտագործման մասնագիտական կարողութիւններու անընդհատ կատարելագործման: Հանրապետութեան Նախագահը յանձնարարութիւններ տուած է Պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման արդիւնքներու իրագործման վերաբերեալ` սահմանելով ծրագրաւորման ղեկավար փաստաթուղթերու կատարման վերաբերեալ հաշուետուողականութեան ժամկէտներն ու կարգը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը ՀՀ Նախագահին վստահեցուցած է, որ զարգացման ծրագիրի եւ սպառազինութեան ծրագիրի իրականացումը, Զինուած ուժերու մէջ նոր մօտեցումներու եւ սկզբունքներու արմատաւորումը թոյլ կու տան՝ զգալիօրէն աւելցնել բանակի մարտական կարողութիւնները, ապահովել ժամանակակից չափանիշերուն համապատասխան զարգացումը` շարունակելով իրականացնել Հայաստանի եւ Արցախի յուսալի պաշտպանութիւնը: