*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանցիին աղբերուն հետ կապուած մղձաւանջը, որ մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի, ըստ երեւոյթին պիտի վերածուի այլ տեսակի մղձաւանջի մը՝ ի լուր այն տարաձայնութեան, որ աղբերը երկիրէն արտահանելու կառավարական ծրագիրը կը մտածուի ֆինանսաւորել… պենզինի սակին վրայ մինչեւ 5 հազար ոսկիի տուրք մը աւելցնելով կամ նախկին տուրքը վերականգնելով… այսինքն դարձեալ կերպով մը քաղաքացիին վրայ բեռցնելով աղբերուն «գին»ը…:
Աղբերը արտահանելու այս հին ու նոր ծրագիրը դարձեալ օրակարգի վրայ յայտնուեցաւ՝ երբ ի յայտ եկաւ, որ ի բացակայութիւն աղբերը տեղադրելու համաձայնուած վայրերու՝ քաղաքապետութիւններու կարողութենէն վեր է աղբերը հաւաքելու աշխատանքը շարունակել…:
Սուքլին աղբահաւաք ընկերութեան արդէն իսկ համաշխարհայնօրէն բարձր գինէն շատ աւելի պետութեան վրայ արժող՝ թոնի վրայ 265 տոլարի արտահանման այս նոր ծրագիրը` պետական այս փտած իրավիճակին մէջ իրականցնողները ովքե՞ր պիտի ըլլան եւ որքա՞ն պիտի օգտուին անկէ՝ չենք գիտեր, սակայն մէկ բան ցաւալիօրէն յստակ է, որ ինչպէս լուծում չգտնելու պարագային, այնպէս ալ անոր լուծումի գինը՝ ինչպէս միշտ խեղճ քաղաքացին է, որ պիտի վճարէ…