Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Թուրքիա Գաղթած Հայ Փախստականները Կը Թաքցնեն Իրենց Ինքնութիւնը

Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով իրենց բնակավայրերը լքած եւ Թուրքիա (արեւելեան շրջաններ՝ Եոզկաթ, Ամասիա, Էրզրում, Աֆիոն) ապաստանած փախստականներուն մէջ կան հազարաւոր քրիստոնեաներ, որոնք կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը:

Վերջիններս ԱՄՆ, Գանատա եւ Աւստրիա երթալու համար դիմած են ՄԱԿի գրասենեակ, սակայն անոնց մուտքի արտօնագիրի հարցը առկախուած է մինչեւ 2023 թուական:

«Էրմենիհապեր»ի փոխանցմամբ «Հիւրիյէթ»-ը կը գրէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի անդամ Տրդատ Ուզունեան, այցելած են Եոզկաթի մէջ հաստատուած 19 ընտանիքներու:

Պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի ներկայացուցիչը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ փախստական ընտանիքներու հաստատուելուն մասին նոր իմացած են եւ այժմ տեղեկութիւն ունին միայն Եոզկաթի մէջ գտնուող ընտանինքերուն մասին: Ուզունեան միւս վայրերուն մէջ հաստատուած հայ ընտանիքներուն, եթէ այդպիսիք կան, կոչ ըրած է կապ հաստատելու իրենց հետ:

Սելինա Տողան յայտնած է, որ նման ընտանիքներու գոյութեան մասին նոր իմացած են եւ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն` լուծելու անոնց խնդիրները: Փախստականները կը նշեն, որ իրենց հիմնական խնդիրը աշխատանք գտնելու դժուարութիւնն է եւ երախաներու կրթութեան հարցը: Անոնք դպրոց չեն յաճախեր թրքերէն չիմանալու պատճառով:

Ալիս Սալջեանը, որ 1 տարի առաջ Իրաքէն հեռանալով իր ընտանիքին հետ Թուրքիա եկած էր, կը պատմէ, որ ոսկերիչ ամուսինը չի կրնար աշխատանք գտնել, երախաները դպրոց չեն յաճախեր:

«Երախաները կրնան յարաբերիլ միայն հայ փախստական երախաներու հետ: Հարեւաններ ալ ունինք, բայց անոնք այնպէս գիտեն, թէ մենք մահմետական ենք», կ՛ըսէ ան:

Ըստ աղբիւրին Լինտա Մարգարեանը ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ նոյնպէս Իրաքէն է: 7 ամիս առաջ Եոզկաթի մէջ հաստատուած ընտանիքին մայրը կը նշէ, որ իրենց միակ ցանկութիւնը երախաներուն համար արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանք ապահովելն է: Ըստ Լինտային իրեն համար յատկապէս շատ դժուար է՝ կրօնական ծիսակատարութիւնները գաղտնի ընելը:

Մէկ այլ փախստական՝ Աւանես Մելիքեանը պատմած է, որ Եոզկաթի մէջ հիմնականօրէն ժամանակ կ՛անցնեն միւս հայերուն հետ, որոնց հետ միասին եկած են, իսկ եոզկաթցի ընկերները իրենց այլ անուններով կը ճանաչան, օրինակ շրջապատին մէջ գիտեն, թէ ինք արաբ է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին