Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Երեք Զինծառայողներ Զոհուած Են

Դեկտեմբեր 17-18 լուսցող գիշերը հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած անյաջող հետախուզական ներթափանցման փորձերէն յետոյ, որուն իբրեւ արդիւնք վերջինս ծանր կորուստներ կրելով ետ շպրտուած էր, ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան խումբերը` հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւային, արեւելեան, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով` Դեկտեմբեր 18ի գիշերը դիմած են հերթական ներթափանցման գործողութիւններու:

Վերոնշեալ բոլոր ուղղութիւններուն վրայ հայ դիրքապահները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացումը եւ անցած պաշտպանական մարտերու: Ազրպէյճանական գրոհայինները կորուստներ տալով ետ շպրտուած են իրենց ելման դիրքերը:

Ցաւօք, ծաւալած մերձամարտերու ընթացքին արիաբար նահատակուած են Պաշտպանական Բանակի (ՊԲ) զինծառայողներ Աղասի Արսէնի Գրիգորեանը (1996ի ծնունդ) եւ Ռուբէն Ռոպերթի Ալեքսանեանը (1996ի ծնունդ):

Դեկտեմբեր 17ին ժամը 21:30ի մօտ, Պաշտպանութեան Բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, առ այժմ չպարզուած հանգամանքներով սպաննուած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1992-ի ծնունդ Գոռ Վահանի Օհանեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Հակառակորդի սադրիչ քայլերը անհետեւանք պիտի չմնան: Պատասխանը պիտի ըլլայ ցաւոտ եւ անդառնալի կորուստներով լի:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին