*ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
14 Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին մէջ մեծ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ՝ շնորհաւորելու Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան բանալով տօնական հանդէսը ըսաւ. «Սիրելի ծնողքներ, շնորհակալ ենք, որ ձեր զաւակները կ’ուսանին մեր ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, որ միակն է Նիւ Եորքի մէջ։ Կը ցանկայի նաեւ, որ գալիք տարիներուն մեր աշակետներուն թիւը կրկնապատկուի։ Քաջալրեցէ՛ք եւ բերէ՛ք ոչ միայն ձեր զաւակները, այլ նաեւ ձեր թոռները։ Եղէ՛ք առատաձեռն ձեր զաւակներուն ու թոռներուն հայեցի կրթութիւն ստանալու համար»։ Տնօրէնուհին ներկայացուց նաեւ երեկոյի պատուաւոր հիւրերէն Տիգրան Չրչեանին, որ ամէն Երեքշաբթի կու գայ վարժարան ու երախաներուն նուէրներ կը բաժնէ։
Տօնակատարութեան յայտագիրը բազմազան էր։ Հանդիսութեան մասնակցեցան վարժարանի բոլոր երախաները՝ մանկապարտէզի, ինչպէս նաեւ առաջինէն մինչեւ բարձր դասարանի աշակերտները։ Ծրագիրը ընդգրկած էր խմբային երգեր (խմբավար Անահիտ Պօղոսեան, դաշնակահար Նուարդ Տատուրեան), արտասանութիւն, պարեր, ինչպէս նաեւ անգլերէն լեզուով փոքրիկ ներկայացում։ Տօնակատարութեան աւարտին ներկաներն ու աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին կաղանդ պապուկին, որ իր հետ բերած էր բազմաթիւ նուէրներ։ Բարձրանալով բեմահարթակ ան երախաներու հետ շուրջպար պարեց եւ անկէ վերջ բաժնեց նուէրները։ Վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան խումբ մը աշակերտներու հետ լուսանկարուեցաւ կաղանդ պապուկի հետ։ Բոլորս ներկայ եղանք Սրբոց Նահտակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի Նոր տարուան եւ Սուրբ ծնունդին յատկացուած տօնակատարութեան։ Իսկապէս շատ ազդուեցանք տեսնելով, թէ ինչպէս հայ մանուկները գտնուելով օտար երկիրի մէջ, ինչպիսի հայեցի կրթութիւն կը ստանան եւ հայերէնով կը ներկայացնեն մեր հայկական ու քրիստոնէական ժառանգութիւնը, եւ իսկապէս այսօր անոնք փայլեցան։ Երեկոյի աւարտին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ, Արժ․ Տ․ Աբրահամ Քհնյ․Մալխասեան ըսաւ. «Աստուած տայ, որ մեր հայ դպրոցը օրէ օր զօրանայ, Աստուած մեր ուսուցիչներուն եւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանին երկար կեանք ու արեւշատութիւն, ուժ եւ կորով տայ, որպէսզի կարողանան մեր այս ընդհանուր համազգային առաքելութիւնը ի կատար ածել եւ փոխանցել նորեկներուն, որ անոնք ալ աւելի միասնական ըլլան, հայեցի ըլլան, վառ պահելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակը»։