Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած «Երաշտ Եւ Բողբոջ» Համապետական Լուսանկարչական Մրցոյթ

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը (ՔԴԿ), ՀՀ հանրակրթական դպրոցներու 5-12-րդ դասարաններու աշակերտներուն մէջ կազմակերպած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած «Երաշտ եւ բողբոջ» համապետական լուսանկարչական մրցոյթը:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի  տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ` Դեկտեմբեր 19-ին` ժամը 13.00-ին, Երեւանի Ս. Աննա եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներուն կից սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Երաշտ եւ բողբոջ» լուսանկարչական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, ԱԺ պատգամաւորներ եւ ՔԴԿ համագործակից կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Մրցանակներու պիտի արժանանան 3 լաւագոյն լուսանկարներու հեղինակները` «Լաւագոյն մտայղացում», «Լաւագոյն աշխատանք», «Յատուկ մրցանակ» անուանակարգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն մասնակցութեան համար  14 լուսանկարներու հեղինակներ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին