Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Նոր Օսմանականութեան Գաղափարախօսութեան Ծիրէն Ներս» Թեմայով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 18-ին, ժամը 10.00-ին ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) նախագահութեան նիստերու կլոր դահլիճին մէջ կը մեկնարկէ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝  «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը նոր օսմանականութեան գաղափարախօսութեան ծիրէն ներս» գիտաժողովը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ բացման խօսքով ելոյթ պիտի ունենայ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ուղերձներով հանդէս պիտի գան ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան եւ ՀՀ Արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան:

Գիտաժողովին իրենց ծաւալուն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացնեն յայտնի գիտնականներ, ակադեմիկոսներ եւ թրքագէտներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին