Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Համամարդկային Խաղաղութեան Նուիրուած Համերգ

Դեկտեմբեր 19-ին  Պուէնոս Այրէսի մէջ  Արժանթինի երաժշտահաններու միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ համերգ նուիրուած համամարդկային խաղաղութեան:
Ելոյթ պիտի ունենան Արժանթինի մէջ ճանաչում ունեցող երաժիշտներ ու անհատ կատարողներ: Համերգին մասնակցելու հրաւէր  ստացած են նաեւ արժանթինահայ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեան եւ երաժշտահան Մարիա Քրիստինա Գասեմը, որ ծագումով հայ է:

Այս մասին «Հայերն Այսօրին» տեղեկացուց Գագիկ Գասպարեան: Երաժիշտը հանդէս պիտի գայ հայկական մեղեդիներու կատարումներով, ինչպէս նաեւ «Հայու հոգին» ստեղծագործութեան առաջին ելոյթով, որուն հեղինակը Մարիա Քրիստինան է:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Արժանթինի  փաստաբաններու միութեան մէջ:
Աւելցնենք, որ Գագիկ Գասպարեան 2015 թուականին իր բոլոր ելոյթները նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Նպատակը  օտար հանդիսատեսին 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան մասին իրազեկելն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին