Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

«Թուրքիան Կը Շարունակէ Մնալ Ցեղասպանութեան Ծանր Բեռին Տակ». Ռակըփ Զարաքոլու

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պատմութեան հետ առերեսուելու գծով կարեւոր պահ էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար: Մէկ կողմ ձգելով ներողութիւնը եւ փոխհատուցումը՝ պետութիւնը չկրցաւ նոյնիսկ յարգանք ցուցաբերել հայ ժողովուրդի ցաւին նկատմամբ: Սակայն հայ ժողովուրդը անկէ կորուստ ունեցա՞ւ…։ Ո՛չ: Կորսնցնողը կրկին Թուրքիան էր:
Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի՝ «Թարաֆ»ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ յայտնի թուրք մտաւորական Ռակըփ Զարաքոլուն:

«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ կը յամառի չփոխուելու հարցով, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վստահ քայլեր ըրաւ ոչ թէ դէպի ժողովրդավարութիւն, այլ դէպի ամբողջատիրականութիւն: Հանրապետական պատմութեան ամբողջ ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դարձաւ՝ ամբողջատիրական պետութեան գաղափարախօսութեան անբաժան մասը: Այս պատճառով է, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման հիմնական պայմաններ են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ներողութիւնն ու փոխհատուցումը», իր յօդուածին մէջ կը նշէ Զարաքոլուն` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն կարեւոր է ոչ թէ անոր զոհերուն, այլ նոյն թրքական պետութեան գոյութեան տեսանկիւնէ:

«Այս հանրապետութիւնը նոյն սխալները յամառութեամբ կը կրկնէ, եւ ատիկա ոչ միայն երկիրի, այլ նաեւ անոր հարեւաններուն տեսանկիւնէ՝ անկայութիւն եւ սպառնալիք կը յառաջացնէ: «Այլեւս երբեք»ը արդէն հրատապութիւն ձեռք բերած է ոչ միայն զոհերուն, տուժածներուն, այլ նաեւ նոյն պետութեան եւ հասարակութեան տեսանկիւնէն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ հետեւաբար «անհրաժեշտութեան պարագային դարձեալ կ’ընենք»ի սպառնալիքը՝ վտանգի տակ կը դնէ ոչ միայն ինքզինք, այլեւ իր քաղաքացիները», կը գրէ թուրք մտաւորականը:

Ան կը նշէ, որ 100 տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութիւնը, արդէն 2015 թուականին կը շարունակուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ուր թիրախի տակ յայտնուած են հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու 3-րդ եւ 4-րդ սերունդները:

«Ապրիլ 23ին Էջմիածինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման կարգէն յետոյ, այդ զոհերը դադրեցան ուղղակի զոհ ըլլալէ, անոնք մարտիրոսուեցան: Անոնց գերեզմանները արդէն բաց չեն, անոնք թաղուեցան ժողովուրդի սիրտին մէջ: Անոնք արդէն աշխարհի ժողովուրդներու սիրտին մէջ են:
«Իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ մարդկութեան դէմ իրականացած յանցագործութեան ծանր բեռին տակ: 100 տարուան ընթացքին անիկա չկրցաւ հիմնել խաղաղ հասարակութիւն, քանի որ չկրցաւ ըսել «այլեւս երբեք», այլ շարունակեց սպառնալ` ըսելով. «Նորէն կ’ընեմ»: 100 տարուան ընթացքին չմնաց կրօնական, էթնիկ կամ քաղաքական  խումբ մը, որ չզոհաբերուէր: Եւ քանի դեռ այս մտածելակերպը չէ փոխուած, պատմութեան հետ առերեսում տեղի չէ ունեցած, ներողութեան եւ փոխհատուցման մշակոյթ չէ ձեւաւորուած, իսկ անպատժելիութիւնը կը շարունակուի, այս արիւնոտ հողերը հանգիստ չեն գտներ:

«Եւ իրականութեան համար պայքարը կը շարունակուի: Իսկ վերջաւորութան պիտի յաղթէ խիղճը», եզրափակած է իր յօդուածը Զարաքոլուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին