Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Եւրոպական Միութիւնը Հաստատած է Հայաստանի Մէջ Բարեփոխումներուն Ուղղուած 30 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութեան Ծրագիրը

Եւրոպական յանձնաժողովը ընդունած է Հայաստանին աջակցութեան 30 միլիոն եւրոյի նոր ծրագիրը: Աջակցութեան այս ծրագիրը պէտք է օգնէ Հայաստանին կատարելու բարեփոխումներ, որոնք ուղղուած են իր քաղաքացիներուն աւելի լաւ աշխատանքային հնարաւորութիւններ տրամադրելու, երկիրի ֆինանսական կառավարման ամրապնդման եւ ժողովրդավարական որոշումներու կայացման գործընթացին, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան բարելաւման, կը գրէ Panorama.am-ը:

Ինչպէս կը տեղեկանանք Եւրոպական յանձնաժողովի կայքէն, յայտարարելով աջակցութեան այս փաթեթի մասին, Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան ըսած է․«Այս նորացուած աջակցութիւնը մեր արեւելեան հարեւանին առիթ կու տայ վճռորոշ բարեփոխումներ իրականացնելու: Սա լաւ նորութիւն է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, քանի որ այս բարեփոխումները, ըլլան անոնք աւելի լաւ հանրային ծառայութիւններու կամ աշխատանքի աւելի մեծ հնարաւորութիւններու առումով, ուղղակիօրէն  օգտակար պիտի ըլլան անոնց համար»:

Աւելիլաւորակաւորում` աւելի լաւ աշխատանքի համար» գործողութիւնը, որուն կը տրամադրուի 15 միլիոն եւրօ, պիտի ձգտի բարելաւելու Հայաստանի աշխատաշուկայի  եւ աշխատուժի արդիւնաւէտութիւնը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ զբաղուածութեան:

Հանրայինֆինանսականքաղաքականութեան բարեփոխումներու ծրագիրը», որուն կը տրամադրուի 10 միլիոն եւրօ, պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ հանրային ծախսերու հաշուետուողականութեան, թափանցիկութեան ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման` միջազգային չափորոշիչներուն եւ փորձին համահունչ: Այս ծրագիրը պէտք է նաեւ օգնէ կանխելու կաշառակերութիւնը:

Քաղաքացիականհասարակութեանհնարաւորութիւններ» ծրագիրը, որուն կը տրամադրուի  5 միլիոն եւրօ, պիտի ամրապնդէ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու կարողութեան` արդիւնաւէտօրէն մասնակցելու ժողովրդավարական որոշումներու ընդուման գործընթացին: Ծրագիրը պիտի բարելաւէ կազմակերպութիւններու կարողութիւնները` ներգրաւուելու քաղաքականութեան մշակման եւ ուսումնասիրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին