Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Առնչուող Նոր Ֆիլմ Մը Թուրքիոյ Մէջ

Այս տարի բաւական խօսուեցաւ թուրք նկարիչ-բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի «Տը Քաթ» ժապաւէնին մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կ՛առնչուէր։ Այս շաբաթ հրապարակ կ՛իջնէ երկրորդ ժապաւէն մը, որ կ՛առնչուի Ցեղասպանութեան, իսկ անոր բեմադրիչն է համշէնահայ Էօզճան Ալփեր։ Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»-ն:
«Հովուն Յուշերը» անունը կրող սոյն ֆիլմին հերոսն է՝ Արամ անունով ընդդիմադիր հայ լրագրող մտաւորական մը։ Արամ 1940ականներուն կը տարուի 1915-ի Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան յիշողութիւններով ու կը տառապի այդ յիշողութիւններուն բացած բարոյական վէրքով։
Էօզճան Ալփեր այսօր Թուրքիոյ մէջ նոր շարժապատկերի շարժումի հետաքրքրական դէմքերէն մէկն է։ Անոր առաջին գլխաւոր ժապաւէնը՝ «Աշուն»-ը, կ՛առնչուէր իր սերունդի խնդիրներուն, իսկ երկրորդը՝ «Ապագան Յաւերժական Է»-ն, կը զբաղէր քրտական հարցով։
Ալփեր դիտել կու տայ, որ իր նպատակը անպայմանօրէն Թուրքիոյ զանազան շրջաններով զբաղիլ չէ, այլ անցեալը ետ բերելն է, որովհետեւ անցեալն է, որ կը ձեւաւորէ ներկան ու ապագան։ «Անցեալէն կարելի չէ փրկուիլ… եթէ դռնէն վռնտես զայն, ան ծխնելոյզէն ներս կը մտնէ։ Կարելի չէ փրկուիլ անցեալէն», կ՛ըսէ ան։
«Ես քառասուն տարեկան եմ եւ նոր հայր եղայ։ Կը յուսամ, որ աղջիկս երբ քառասուն տարեկան ըլլայ, պէտք չ՛ունենար մտածելու այս նոյն հարցերուն մասին. պէտք է այդպիսի աշխարհ մը ձգենք մեր զաւակներուն։ Ուրեմն իմ ժապաւէններս կը զբաղին նոր «այսօր» մը կառուցելու նիւթով», կ՛ըսէ Էօզճան Ալփեր։
Ան նաեւ կը գանգատի Թուրքիոյ մէջ բարոյական արժէքներու անկումէն՝ ըսելով. «Ի՞նչ եղաւ մեզի։ Այս երկիրին մէջ դիակները կը քաշքշուին փողոցներուն մէջ, սահմանին վրայ դիակները չեն յանձնուիր իրենց տէրերուն։ Եթէ թշնամի է՝ ան մեռած է այլեւս, եւ ինչո՛ւ մեռեալին նկատմամբ յարգանք ցոյց չի տրուիր՝ հակառակ անոր, որ մեր կրօնքը մեզի կը հրահանգէ յարգել մեռեալը։ Հաւաքականութեան մէջ ուժի տարօրինակ խենդութիւն մը կայ»։
Վերջին հաշուով «Հովուն Յուշերը» ժապաւէնը Թուրքիան պիտի հրաւիրէ՝ անգամ մը եւս երես առ երես գալու հայկական տեղահանութեան ողբերգութեան հետ։ «Անցեալը ուրանալով ո՛չ մէկ տեղ կրնաս հասնիլ», կ՛ըսէ բեմադրիչը։
Պատասխանելով Ֆաթիհ Աքընի ֆիլմին մասին հարցումի մը՝ Ալփեր կ՛ըսէ, թէ գոհ է, որ այդ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ իր ժապաւէնէն առաջ։ Թէեւ այս մասին վախ կամ մտահոգութիւն չուներ, բայց Աքընի օրինակը առաւել ուժ տուաւ իրեն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին