Ռուս յայտնի դաշնակահար Եւկենի Գիսին, ամերիկեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ կը հրաժարի համերգներ ունենալ Թուրքիոյ մէջ այնքան ժամանակ, քանի դեռ թրքական կառավարութիւնը չէ ճանչցած 1915 թուականին հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։
«Ես կը հաւատամ, որ երբ մարդիկ նման պետութիւններու մէջ կը գիտնան, թէ որոշ երաժիշտներ կը հրաժարին համերգ ունենալ այդտեղ, քանի որ անոնց հաճելի չէ, թէ ինչ կ՝ընեն այդ երկիրներու ղեկավարները, ատիկա մտաւորականները աւելի գիտակից պիտի դարձնէ», ըսած է Գիսին աւելցնելով, որ ինքը չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կ՛ունենան մենատիրական երկիրներու մէջ: «Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է»,- ըսած է ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ Դեկտեմբեր 16–ին հրեայ երգահաններուն նուիրուած համերգ կ՛ունենայ «Քարնեկի» սրահին մէջ: 2015 թուականի Ապրիլին Գիսինը այցելած էր Հայաստան, ուր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ կոչով պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։