Չորեքշաբթի, 11. 09. 2024

spot_img

«Բարի Արագիլ», «Կիլիկիա», «Նամակ» Երգերը Հայ Եւ Թուրք Երաժիշտներու Համատեղ Նախագիծով

Դեկտեմբեր 14-ին հայ եւ թուրք երաժիշտները Երեւանի մէջ հանդէս եկան համատեղ համերգով:  «Մեղեդիներու ներդաշնակութիւն» խորագիրով համերգի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի հայկական յայտնի ռոք խումբի` «The Beautified Project»-ի մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանին:
ԱՄՆ դեսպանատան աջակցութեամբ իրականացած նախագիծին մէջ, բացի վերոնշեալ ռոք խումբէն՝ կը մասնակցէր նաեւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, ինչպէս նաեւ թուրք յայտնի երգահան Կէոքսել Պաքթագիրը, երաժիշտներ Եուրտալ Թոքջանը, Պուրաք Մալչոքը եւ Մերս Էմլասը:
Համերգին ներկայացուեցան «The Beautified Project» խումբի եւ Սիպիլի երգացանկէն ստեղծագործութիւններ` թրքական դասական երաժշտական գործիքներու նուագակցութեամբ: Իւրայատուկ գործիքաւորման շնորհիւ՝ երաժիշտներուն արդէն յայտնի դարձած երգերը ներկայացուեցան նոր մեկնաբանութեամբ:
Համերգէն առաջ Ermenihaber.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին երգչուհի Սիպիլը կիսուեցաւ իր ոգեւորութեամբ` նշելով, որ ուրախ է այսպիսի նախագիծի մը մասնակից ըլլալու: «Այսօր կը զգաք, թէ ինչպէս կը ներդաշնակուին տարբեր երաժշտութիւններ: Մենք ատիկա փորձերու ընթացքին զգացած ենք: Իսկապէս 2 խումբերը շատ ներդաշանակ են: Գեղեցիկ համադրութիւն ստացուած է», ըսաւ ան:
«Ermenihaber.am»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք իրենք` թուրք երաժիշները, կը զգան հայկական երաժշտութեան ներգործութիւնը թրքականին վրայ, թուրք երգահան Կէոքսել Պաքթագիրը ըսաւ. «Դեռ օսմանեան ժամանակներէն հայ երգահանները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են թրքական երաժշտութեան վրայ: Մինչեւ այսօր մենք հաճոյքով կը կատարենք անոնց ստեղծագործութիւնները»:
Մօտ 2 ժամ տեւած համերգի ընթացքին թուրք երաժիշտներուն նուագակցութեամբ հնչեցին այնպիսի յայտնի ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են «Բարի Արագիլ»-ը, «Կիլիկիա»-ն, «Նամակ»-ը:
Համերգին ներկայ էին ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը, ՀՀ Մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեանը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթեշեանը:
Երաժիշտները նախագիծը պիտի ներկայացնեն նաեւ Սթամպուլի մէջ` Դեկտեմբեր 22-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին