Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ս. Ծննդեան Համերգ

Հայ ժողովուրդը Հայրենիքի մէջ թէ այլուր, մշակոյթը դարձուցած է իր անբաժան ընկերակիցը եւ ինքնապահպանման երաշխիքը: Գրական ստեղծագործութիւններով, թատերական թէ երաժշտական ելոյթներով, ինչպէս նաեւ այլ տիպի գեղարուեստական հանդէսներով, կրցած է հայրենի հողէն իր հեռաւորութիւնը հատուցել ոգեղէն հայրենիքով:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնը, գիտակցելով մշակոյթի եւ արուեստի արժէքին ու կարեւորութեան, իր կրթական առաքելութեան կողքին ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ մշակութային լաւագոյն ծրագիրները հրամցնելու լիբանանահայ գաղութին:

Արդարեւ Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-00ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ վարժարանիս կազմակերպութեամբ Ս. Ծննդեան համերգը, որ կը վայելէր  նախագահութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանի, որուն նախագահութեամբ անդրանիկ հանդիսութիւնն էր այս համերգը: Ներկայ էին արհիապատիւ գերապայծառ տիարք՝ Գէորգ արք. Խազզումեան, Մանուէլ արք. Պաթաքեան եւ Սարգիս եպս. Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ գերյարգելի ու գերապատիւ վարդապետներ, նախկին պետական նախարար Տիար Ժագ Չուխատարեան, եւ զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեան:

Ելոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ  վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ  ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ երգն ու երաժշտութիւնը կ’ազնուացնեն մարդու հոգին  եւ կը պայծառեցնեն անոր միտքը, հետեւաբար հայրենի աստղ Մարինէ Գրիգորեանի եւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր` լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբին կատարողութեամբ այս ելոյթը, ներկաներուս ոչ միայն կը պարգեւէ երաժշտութեամբ ոգեւորուելու գեղեցիկ առիթ մը, այլեւ բոլորիս կը պարգեւէ տօնական ջերմ մթնոլորտ՝ յիշեցնելով, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր մէջ կը վերածնին մարդասիրական բոլոր վեհ զգացումները»: Տիկ. Պոյաճեան առիթը պատեհ համարեց կրկին շնորհաւորելու նորօծ օգնական եպիսկոպոս Ասատուրեանը, եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ բեղուն գործունէութիւն:

Յայտագրին սկիզբը ջութակի նուագի «Ave Maria» կտորով ելոյթ ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի աշակերտուհի Արեւ-Մարիա Պոյաճեան:

Հայրենի արուեստագիտուհի Մարինէ Գրիգորեան խորհարդաւոր կերպով բեմ բարձրանալէ ետք ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի, Մելիք Մավիսաքալեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի եւ օտար երաժիշտներու երգեր, ինչպէս «Օրօր», «Չինար Ես», «Քելեր-Ցոլեր», «Կռունկ», «Մանուշակ», «Անի», «Էլեգիա», ինչպէս նաեւ օտար երգեր՝ «My mother», «Chanson Espagnole», եւայլն: Դաշնամուրով անոր կ’ընկերակցէր հայրենի արուեստագիտուհի Սոնա Իսրայէլեան:

Համերգի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Անոնց առաջին երգն էր «Սուրբ, Սուրբ» շարականը, որուն յաջորդեց ճոխ երգացանկ մը, որ կ՛ընդգրկէր արաբերէն երգերու կողքին «Կիլիկիա», «Շորորա», «Ով Զարմանալի» շարականը, եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը՝ Մարինէ Գրիգորեանի ընկերակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով հնչեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամական համակեցութիւնը դրսեւորող երգ մը՝ նուիրուած Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Մոհամատ մարգարէի ծննդեան տօներուն, որոնք այս տարի կը զուգադիպին միեւնոյն ժամանակաշրջանին: Ս. Ծննդեան երգերու տօնական մթնոլորտով «Ֆայհա» երգչախումբը աւարտին հասցուց գեղարուեստական յայտագիրը:

Հուսկ Ասատուրեան եպիսկոպոսը  խօսք առնելով ըսաւ, թէ բոլորս ալ կը պատրաստուինք Ս. Ծննդեան տօնը դիմաւորելու եւ այս առիթով նուէրներ կը գնենք մեր սիրելուն, բայց չմոռնանք «պզտիկ մանուկ»ին նուէրը, որն է մեր գեղեցիկ աղօթքը եւ մտածումը Քրիստոսի մասին, որ պէտք ունի մեր հոգեւոր կեանքին ու իրեն նուիրուելու մեր պատրաստակամութեան: Գերապայծառ հայրը շնորհաւորեց վարժարանիս տնօրէնութիւնը՝ այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար, ինչպէս նաեւ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը՝ վարպետօրէն ղեվակարելու համար «Ֆայհա» երգչախումբը, որ դարձած է Լիբանանի խաղաղասէր եւ արուեստասէր դէմքը:

Երգահանդէսին յաջորդեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ցուցահանդէս-վաճառք:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  

Արեւ-Մարիա Պոյաճեան
Արեւ-Մարիա Պոյաճեան
Մարինէ Գրիգորեան
Մարինէ Գրիգորեան
«Ֆայհա» երգչախումբ, ղեկավար՝ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
«Ֆայհա» երգչախումբ, ղեկավար՝ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին