Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Աճուրդի Դրուած Է Լեւոն Առաջինի Կիլիկեան Ոսկեայ Մետաղադրամը

 

Cngcoins.com կայքը առցանց (online) աճուրդի հանած է Կիլիկիոյ արքայ Լեւոն Առաջինի (1198-1219) գահակալութեան ժամանակաշրջանին պատկանող հայկական շատ հազուագիւտ ոսկեայ մետաղադրամ, կը հաղորդէ News.am-ը:

Մետաղադրամին տրամագիծը 19.5 միլիմեթր է, ծանրութիւն` 2.46 կրամ: Մետաղադրամին մէկ կողմը պատկերուած է Լեւոն Առաջինը` առիւծի գահին բազմած, ձախ ձեռքին ջրաշուշան, իսկ աջին խաչ: Մետաղադրամին հակառակ կողմը ետեւի երկու թաթերուն վրայ կանգնած առիւծ է` կաթողիկոսի խաչով:

Աճուրդի դրուած մետաղադրամը ներկայացուած է Լոուրենս Ատըմսի «Արարատեան հաւաքածոյ»-էն: Անոր սկզբնական գինը 50 000 տոլար է: Կիլիկեան մետաղադրամին նոր սեփականատէրը յայտնի պիտի դառնայ 2016ի Յունուարի սկիզբը:

***

Մեր մաղթանքն է, որ այս հազուագիւտ մետաղադրամը գնողը ըլլայ ազնիւ հայորդի մը, զայն նուիրելու հայկական հաստատութեան մը՝ ուր ան պէտք է պահապանուի, նախընտրաբար Հայրենիքի մէջ։

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին