Դեկտեմբեր 9-ին Չինաստանի Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ՝ Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան իբր արդիւնք: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին՝ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի պատուիրակութիւնը` տնօրէն Գայեանէ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի ղեկավարութիւնը, Տալիանի քաղաքապետարանի եւ չինական տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Տեղի ունեցած հանդիսաւոր նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան կեդրոնի տնօրէնը, երկու բարեկամ համալսարաններու ղեկավարները, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը: Վերջինս կարեւոր համարեց իր տեսակին մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ պիտի դառնայ իւրայատուկ հարթակ՝ հայ-չինական երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակի հարցերու քննարկման եւ յետագայ փոխգործակցութեան խորացման ուղիներու ուսումնասիրութեան համար: Դեսպանը համոզում յայտնեց, որ կեդրոնը պիտի նպաստէ գիտական եւ մշակութային համագործակցութեան ընդլայնման ոչ միայն երկու համալսարաններու, այլ նաեւ երկու երկիրներու կրթական համակարգերուն միջեւ` դառնալով հայ եւ չին ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան ու համագործակցութեան եւս մէկ վառ օրինակ: Ա.Սարգսեան վստահեցուց, որ դեսպանութիւնը անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ կեդրոնին եւ մշտական ուշադութեան կեդրոնը պիտի պահէ անոր գործունէութիւնը:
Ելոյթներէն ետք համալսարանի հայ եւ չինացի ուսանողները միասին արտասանեցին հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ:
Արարողութեան աւարտին մասնակիցները համալսարանի ուսանողներուն հետ միասին այցելեցին նորաբաց կեդրոն` փոխանցելով տարաբնոյթ գիրքեր, ձեռնարկներ, տպագիր եւ ելեկտրոնային ուսումնական նիւթեր` առաջին քայլը կատարելով կեդրոնին մէջ հայագիտական հարուստ գրադարանի ձեւաւորման: