Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, Լիբանանի Զահլէ քաղաքը տասնամեակներ շարունակ եղած է հայապահպանման ամրոցներէն մէկը, ուր տակաւին կ՚ապրին իրենց ազգութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած հայեր, սերտ կապեր պահպանելով Սփիւռքի ոստաններուն թէ Հայրենիքի հետ:
Նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.ի Զահլէի մասնաճիւղի, շնորհակալ ջանքերով միութեան տեղական վարչութեան Ատենապետ Ճորճ Տէքրմէնճեանի, Ռ.Ա.Կ. Տիգրան Մերճանեան Զահլէի կեդրոնի ատենապետ Գօգօ Մկրեանի, օգնութեամբ պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի՝ Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015ին տեղի ունեցաւ Զահլէի հայութեան համար եզակի դասախօսութիւն մը, որպէս հիւրեր ունենալով միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութէն յատուկ ժամանած համակարգչային մասնագէտ Վիգէն Թօսունեան եւ Ռ.Ա.Կ. Զարթօնք ակումբի անդամներ, իրենց գաղափարակիցներով մասնակցեցան այս յիշարժան մշակութային պատմական իրադարձութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական հիմներու ունկնդրութենէն ետք, Հ.Ե.Ը.-ի վարչութեան անդամ Աւօ Փամպուքեան ներկայացուց լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը, զինք բարձրախօսի մօտ հրաւիրելով: Օրուան բանախօսը շուրջ ժամ մը տեսաերիզներու ցուցադրմամբ, Համշէնի եւ Տէրսիսի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ներկայացուց հայ ժողովուրդի կրօնափոխ թէ քրիստոնեայ մեծագոյն հաւաքականութեան անցեալի, Ցեղասպանութեան տարիներու եւ դէպի իր հայկական արմատները վերադառնալու պայքարը՝ մանաւանդ վերջին քսանամեակին: Ցուցադրուեցան նաեւ լրագրող Համօ Մոկոֆեանի հարցազրոյցը հայրենի «Շանթ» հեռատեսիլի կայանին հետ, Իրաքեան Քիւրտիստանի գաղթօճախին եւ այնտեղի հրամանատար, հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատի ղեկավար Մուրատ Վարդանեանի հետ հանդիպումը Հավրէզ գիւղի մէջ:
Դասախօսութեան աւարտին օրուան բանախօսին ուղղուեցան հարցեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հայկական ջերմ հիւրասիրութիւն, միտքերու փոխանակում, այս յիշարժան օրուան «յաւերժացում»՝ խմբայնօրէն լուսանկարուելով Պէյրութէն ժամանած պատուիրակութեան հետ:
Թղթակից