Մենք Ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք ոչ թէ անոր համար, որ ատիկա հաճելի է մեզի, այլ որովհետեւ ցեղասպանութիւններու թեման այսօր ալ արդիական է, անիկա կը շարունակուի յատկապէս այս տարածաշրջանին մէջ:
Այս մասին Դեկտեմբեր 10-ին, Երեւանի մէջ Եւրոպայի ամենամեծ երիտասարդական կառոյցի` «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութեան (EDS) անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ EDS անդամները այս օրերուն Երեւանի մէջ կ՝իրականացնեն խորհուրդի հաւաք:
Վիգէն Սարգսեան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ եւրոպական այս կազմակերպութեան խորհուրդի հաւաքը կ՛իրականանայ Երեւանի մէջ: Ան ընդգծած է, որ 2015 թուականը Հայաստանի համար առանձնայատուկ է, քանի որ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանախօսը ըսած է, թէ հայ ժողովուրդը, որ ենթարկուած է կոտորածներու իր պատմական Հայրենքին մէջ, թէեւ ունեզրկուած է՝ այնուամենայնիւ կրցած է վերապրիլ, վերագտնել պետականութիւնը` զօրաշարժելով իր ուժերը, լեզուն, մշակոյթը եւ պատմական ժառանգութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութեան փաստը, իսկ ժխտելով սկիզբ կը դնէ նոր ցեղասպանութիւններու: Ահա թէ ինչու Ատոլֆ Հիթլերը Երկրորդ համաշխարհային պատարազմի ժամանակ, դիմելով իր բանակին ըսած է` ո՞վ կը յիշէ այսօր հայերու Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան այսօր ոչ միայն կը շարունակէ մերժել Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանները:
«Մենք Ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք ոչ թէ անոր համար, որ այդ մէկը հաճելի է մեզի, այլ որովհետեւ ցեղասպանութիւններու թեման այսօր ալ արդիական է, ան կը շարունակուի յատկապէս այս տարածաշրջանին մէջ:
Մենք ոչ միայն կը ցանկանք, այլ նաեւ ստիպուած ենք ու պարտաւոր ենք խօսիլ այդ մասին», ըսած է Վիգէն Սարգսեան` ներկայացնելով այն առանցքային ծրագիրները, որոնք 2015 թուականի ընթացքին իրականացած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, եւ որոնց նպատակը աշխարհին ճշմարտութիւնը փոխանցելն ու յետագայ ոճիրները կանխելն է:
Բանախօսը աւելցուցած է նաեւ, որ հայերը պիտի շարունակեն Թուրքիային կոչ ուղղել ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, առերեսուելու պատմութեան հետ եւ դադրեցնելու մաս կազմել այն մեծ ոճիրին, որ տեղի ունեցած է 100 տարիներ առաջ:
Հանդիպման վերջաւորութեան Վիգէն Սարգսեանը պատասխանած է եւրոպացի երիտասարդներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին հայկական Սփիւռքին, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ այլ թեմաներու:
Յիշեցնենք, որ «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութեան խորհուրդի հաւաքը Երեւանի մէջ հիւրընկալուած է՝ ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով: Վերջինս եւրոպական այս կազմակերպութեան անդամ է:
EDS-ի պատուիրակները պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: