Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Եւրոպայի Ժողովրդավար Ուսանողներ» Կազմակերպութիւնը Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան ուսանողական կառոյցը` «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութիւնը (EDS), ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, որ EDS–ի խորհուրդի հաւաքի օրակարգ մտած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Երիտասարդական կազմակերպութեան առաջարկով, որ այս տարուան ամառը դարձաւ եւրոպական ամենամեծ երիտասարդական այս կառոյցին անդամ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»ը կը- տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով  ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութիւնը, բանաձեւը կը դատապարտէ 19–րդ դարավերջի եւ 20¬-րդ դարասկիզբի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանական գործողութիւնները ընդդէմ հայերու, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու:
Փաստաթուղթով կոչ կը կատարուի Թուրքիոյ առերեսուելու պատմութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհի մէջ կը ծնի նոր ոճիրներ:
«Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութեան նախագահ Գիորգոս Հաջիգիորգիոն ըսած է, որ առաջին անգամ EDS–ը պաշտօնական դիրքորոշումը կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ. «Մեր խորհուրդի հաւաքի ընթացքին այսօր բազմաթիւ քննարկումներ եղան եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը ընդունուեցաւ: Մենք կոչ կ՛ընենք Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրներուն, որ ճանչնան ու դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութիւնը նոյնպէս ունի իր պաշտօնական դատապարտող դիրքորոշումը հարցին շուրջ: Բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մեր ցանկութիւնն էր, որ EDS–ը եւս ունենայ իր պաշտօնական տեսակէտը այդ առումով»:
«Եւրոպայի ժողովրդավարական երիտասարդական համայնք» կազմակերպութեան (DEMYC) նախագահ Խաւիեր Ուրթատօ Միրան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իշխող ուժի` Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան պաշտօնական ուսանողական կառոյցը` EDS-¬ը: «Պէտք է ըսեմ, որ DEMYC¬-ը նոյնպէս այս տարուան Ապրիլին Երեւանի մէջ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող փաստաթուղթ: Մենք այսօր դարձեալ այստեղ ենք` աջակցելու մեր հայ ընկերներուն, որպէսզի այս հարցը աւելի լայնօրէն քննարկուի միջազգային օրակարգին վրայ»,- նշած է Խաւիեր Ուրթատօ Միրան` ընդգծելով, որ այստեղ գտնուող եւրոպացի ուսանողները վերադառնալով իրենց երկիրները, պիտի խօսին այս մեծ ոճիրի մասին: Ան իր խօսքը ամփոփած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցի կարգախօսով` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:
Այս օրերուն Երեւանի մէջ ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով՝ տեղի կ՛ուենայ EDS-¬ի խորհուրդի հաւաքը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին