Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Յայտարարութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ խռովարարական, պառակտողկան ու զեղծարարական, ինչպէս նաեւ կուսակցական կարգապահութեան հակասող այլ հարցերու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը յետ կախակայման միջոցառման, իր վերջին ժողովին որոշեց՝ կուսակցական շարքերէն վտարել Ստեփան (Ստիւ) Նոխուտեանը:

Այսու պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ Պրն. Ս. Նոխուտեան յետայսու մաս չի կազմեր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ուշադրութիւն

Վերջերս հրապարակի վրայ յայտնուած է ՌԱԿի անունը կրող՝ կուսակցութեանս պատիւ չի բերող կեղծ, անորակ ու անվաւեր օրացոյց մը, որ կը հաւակնի կրել ՌԱԿ Լիբանանի Անդամակցութիւն անունը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս յետ հետաքննութեանց՝ յայնաբերած է զայն հրատարակողին ինքնութիւնն ու օգտագործուած տպարանին անունը:

Զուտ շահամոլական ու շփոթ ստեղծող նպատակներով կատարուած այս զեղծարարութեան հեղինակը՝ արդէն իսկ ենթարկուած է կուսակցական պատժամիջոցի եւ շուտով պարտն ու պատշաճը պիտի տնօրինուի՝ այս զեղծարարական հարցին հետ մօտէն կամ հեռուէն կապ ունեցող կողմերուն դէմ:

Մեր շարքայիններուն ու համակիրներուն ուշադրութեան յանձնելով վերոյիշեալը՝ կը մաղթենք, որ անոնք չըլլան զոհերը այս շահամոլական նպատակներով տպագրուած կեղծ օրացոյցը նախաձեռնողներուն՝ զայն գնելով կամ անոր հաշւոյն նուիրատուութիւններ կատարելով:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին