Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

2016 Ապրիլին Պիտի Իրականանայ Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Համաշխարհային Երկրորդ Ֆորում»ը

Մեծ աշխատանք կը տարուի 2016 թուականի Ապրիլ 23-ին, Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Համաշխարհային երկրորդ ֆորում»ի իրականացման ուղղութեամբ:
Ֆորումի հիմնական թեման պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը եւ փախստականներու ճգնաժամը: Այդ մասին ըստ «Արմէնփրես»ի,  կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան` աւելցնելով, որ ընտրուած թեման արդիական է եւ միջազգային մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող:
Ան նշած է, որ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ինչպէս նախատեսուած էր, կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ ընդհանրապէս միջազգային պայքարն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ 90 երկիրներու համահեղինակութեամբ՝ ՄԱԿի մէջ ընդունուած երկու կարեւոր բանաձեւեր: «Երէկ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ՄԱԿի կեդրոնակայանին` Նիւ Եորքի մէջ, կը նշուէր բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրը: Միջոցառման հիւրընկալողներն էին ՄԱԿի գլխաւոր վեհաժողովի նախագահը, գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը եւ ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մնացականեանը:  Հեղինակաւոր «Փոլիսքօ» ամսագիրի մէջ հրապարկուած է մեծ յօդուած մը եւ գովազդային էջ մը, ուր ընդհանրապէս կը խօսուի ցեղասպանութիւններու մասին: Ծրագիրի համահովանաւորողներէն մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է», ըսած է Սարգսեան:
Միաժամանակ ան բարձր գնահատած է «100 կեանք» ծրագիրը:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 9ը առաջին անգամ նշուեցաւ իբրեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան ու այս յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին