Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Ռուսիա Կը Զօրացնէ Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած Իր Ռազմակայանը

Հայաստանի էրեբունի ռազմօդային կայանին մէջ, Ռուսիոյ զինուած ուժերը կը զօրացնեն իրենց ներկայութիւնը` Մի24-Պ եւ  Մի-8ՄՏ  ուղղաթիռներու նոր խմբաքանակ տեղադրելով: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի» գործակալութիւնը:

«Մինչ այս տարուան աւարտը պիտի տեղադրուի օդանաւերու եւս խմբաքանակ մը: Ուղղաթիռները պիտի տեղակայուին  ՄԻԿ-29 կործանիչներու կողքը: Ուղղաթիռները կը համալրուին մէկ ամսուան ընթացքին, որմէ ետք օդաչուները պիտի սկսին ծրագրաւորուած թռիչքները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարաւային ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ուղարկուած խմբաքանակին մէջ ներառուած են 7 հարուածային ՄԻ24-Պ եւ փոխադրութեան համար նախատեսուած ՄԻ-8ՄՏ ուղղաթիռներ:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին