Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Պատարագ Հանոյի Մէջ

Հանոյի Սուրբ Ժոզէֆ կաթոլիկ տաճարին մէջ, Վիեթնամի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուած է պատարագ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) Մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ, պատարագին մասնակցած են Վիեթնամի մէջ ՀՀ դեսպան Ռայիսա Վարդանեանը, Հայ-վիեթնամական բարեկամական խումբի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիեթնամցի եւ օտարերկրեայ այցելուներ, լրագրողներ:
Հանոյի Արքեպիսկոպոս Զոզէֆ Նգօ Քուանգ Քիեթը ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան ու այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը՝ Վիեթնամի կաթոլիկ եկեղեցին հայ ժողովուրդի կողքին է:
Պատարագի աւարտին դեսպան Ռայիսա Վարդանեան, Հանոյի Արքեպիսկոպոսին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը լաւ կը գիտակցի խաղաղութեան արժէքը, սակայն դեռ կան երկիրներ, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար խաղաղութեան խորհուրդը, այլ նաեւ կը շարունակեն սերմանել անհանդուրժողականութիւն եւ կը վարեն ժխտողական քաղաքականութիւն:
Ըստ դեսպան Վարդանեանի հայ եւ վիեթնամցի ժողովուրդները իրենց համատեղ ջանքերը պէտք է գործադրեն՝ անարդարութեան դէմ պայքարին համար: Հայ ժողովուրդը իր օրինակով ցոյց տուած է ամբողջ աշխարհին, որ նոյնիսկ հարիւր տարի անց կարելի է պայքարիլ եւ հասնիլ արդարութեան` ի հեճուկս բոլոր խոչընդոտներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին