Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հայաստան Պիտի Բանայ Քարանձաւները Զբօսաշրջիկներու Առջեւ

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց «Զբօսաշրջութեան նպատակով քարանձաւներու արդիւնաւէտ օգտագործումը ապահովող միջոցառումներու նախագիծի հաստատման մասին» որոշումի նախագիծը:
ՀՀ տենտեսութեան փոխնախարար Էմիլ Տարասեանը նշած է, թէ որոշումը ուղղուած է Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զանազանութեան, մրցունակութեան բարձրացման ու յուշարձաններու պահպանման:
Ըստ փոխնախարարին ներկայիս բազմաթիւ յայտնի քարանձաւներ չեն օգտագործուիր զբօսաշրջութեան նպատակով, որ հարցականի տակ կը դնէ նաեւ անոնց պահպանութիւնը: «Միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ քարանձաւները կը գրաւեն զբօսաշրջիկները: Այդ կը նշանակէ, որ զբօսաշրջութեան նպատակով անոնց օգտագործումը կրնայ էապէս նպաստել՝ հայկական զբօսաշրջութեան մրցունակութեան բարձրացման, մարզերու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման, եկամուտներու յաւելման եւ համաչափ տարածքային տնտեսական զարգացման»,- «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է Տարասեանը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին