Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Առողջապահական Օգնութիւն Դարբնիկ Ապրող Սուրիահայերուն

Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ՝ աւանդոյթ դարձած առողջապահական այց Արարատի մարզի Դարբնիկ համայնք:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակի տուած տեղեկութիւններով, այցի ընթացքին իրականացաւ տեղի մինչեւ 18 տարեկան 117 սուրիահայերու, իրաքահայերու եւ Խորհրդային Ազրպէյճանէն տեղահանուած անձանց ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական ստուգում:

Անոնցմէ 70ը մասնագիտական բուժման կարիք ունի: Մինչեւ 14 տարեկան երախաները համապատասխան բուժումներ կը ստանան՝ Երեւանի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հաստատութեան մէջ:

«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին Դարբնիկ համայնքի մէջ ապրող սուրիահայ տիկին Արաքսեան, որուն երկու թոռնիկները` Արաքսեան եւ Ալինան բժշկական ստուգում անցած են, բժիշկներու այցելութիւնը գնահատելի քայլ համարեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն: «Թոռնիկս Ալինան առողջական խնդիրներ չունի, իսկ Արաքսեայի մօտ բժիշկները որոշ խնդիրներ նկատեցին ու խոստացան ակնոց ուղարկել», աւելցուց տիկին Արաքսեան:
Նշենք, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը 95 տարիէ ի վեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ’իրականացնէ մարդասիրական եւ բարեսիրական տարբեր ծրագիրներ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին