Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Աշխարհի Մէջ Հինգ Միլիառ Մարդ Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

*ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*

Անցեալ ամիս խմբագրականիս մէջ տեղեկացուցած էի «Զոկպի» հետազօտական կեդրոնին իրականացուցած հարցախոյզի արդիւնքներուն մասին, ըստ որուն ամերիկեան հասարակութեան միայն 35 տոկոսը տեղեակ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ես կը կարծէի, որ ատիկա ցած ցուցանիշ է` ակնկալելով, որ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ պէտք է իրազեկուած ըլլային Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Որոշ ընթերցողներ իրաւացիօրէն մատնանշեցին, որ 35 տոկոսը ամենեւին ալ ցած ցուցանիշ չէ, քանի որ.

  • ԱՄՆ-ի աւելի քան 300 միլիոննոց բնակչութեան մէկ երրորդը կը նշանակէ, որ առնուազն 100 միլիոն ամերիկացի տեղեակ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
  • Ամերիկացիներուն մեծ մասը տեղեակ չէ նոյնիսկ այժմ կատարուող իրադարձութիւններուն մասին, ուր մնաց թէ Ցեղասպանութեան մը, որ տեղի ունեցած է հեռաւոր երկրի մը մէջ մէկ դար առաջ:

Այս շաբաթ պիտի ուզէի ներկայացնել այլ կարեւոր հարցախոյզի մը արդիւնքները, որ իրականացած է ֆրանսական երկու խումբերու` «Ֆոնտափոլ»ի (Քաղաքական նորարարական հիմնադրամ) եւ Շոայի յիշատակի հիմնադրամին կողմէ աշխարհի 31 երկիրներու մէջ: Այս միջազգային հարցման ժամանակ 33 հարցեր ուղղուած են 24 լեզուներով 16-29 տարեկան 31172 երիտասարդներու` տարբեր միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններու, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անոնց գիտելիքներուն եւ բնութագրման վերաբերեալ:

Ստորեւ  ներկայացուած են կարեւոր հատուածներ 164 էջեր կազող միջազգային հարցախոյզէն, որ հրապարակուած էր ֆրանսերէն.

– Միջին հաշուով 31 երկիրներու մէջ հարցուածներուն 90 տոկոսը ընդունած է, որ հրէական Հոլոքոսթը ցեղասպանութիւն էր, իսկ 77 տոկոսը համարած է, որ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը թրքական կառավարութեան կողմէն եւս Ցեղասպանութիւն էր: Ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է, քանի որ 100 տարի անց այդ բարբարոսական ոճրագործութիւններուն մասին յիշողութիւնները կը  շարունակեն վառ մնալ՝ աշխարհի երիտասարդ սերունդի գիտակցութեան մէջ:

– Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեակ անձերուն տոկոսը աւելի բարձր է եւրոպացիներու մօտ (86%). առաջին հորիզոնականի վրայ է Ֆրանսան (93%), անոր կը յաջորդեն Յունաստանը (90%), Մեծ Բրիտանիան (68%), իսկ ԱՄՆ-ը (64%): Զարմանալի չէ, որ ամենացած ցուցանիշը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ (33%): Սակայն այս ցուցանիշը այնքան ալ յուսահատեցնող չէ, ինչպէս կը թուի առաջին հայեացքէն: Հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան դարաւոր ժխտման յօրինուածքին` ահռելի պետական միջոցներու օգտագործումով, հրաշք կարելի է համարել, որ թուրք երիտասարդներու մէկ երրորդը, տասնեակ միլիոնաւոր թուրքեր կը մերժեն իրենց կառավարութեան քարոզչութիւնը` առանց  վարանելու կամ վախի ճիշդ պատասխան տալով հարցումը իրականացնողներուն: 33 տոկոսը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած են թուրք ազատականներու եւ մտաւորականութեան փոքր ծիրէն  դուրս:

– Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երիտասարդներու տոկոսային յարաբերութիւնը միւս 26 երկիրներուն մէջ հետեւեալն է. Աւստրալիա (67%), Աւստրիա (85%), Պելճիքա (81%), Գերմանիա (83%), Դանիա (81%), Էսթոնիա (81%), Սպանիա (86%), Իսրայէլ (88%), Իտալիա (87%), Լաթվիա (84%), Լեհաստան (87%), Լիթվիա (70%), Խորուաթիա (87%), Գանատա (71%), Հնդկաստան (51%), Հոլանտա (76%), Հոնտուրաս (87%), Ճափոն (68%), Զուիցերիա (87%), Չեխիա (74%), Չինաստան (80%), Ռումանիա (72%), Ռուսիա (84%), Սերպիա (86%), Ուքրանիա (65%) եւ Ֆինլանտա (83%):

–Ռուանտայի թութսիներու ցեղասպանութիւնը հուդուներու կողմէ, երրորդ ամենաբարձր (76%) հանրային իրազեկուածութիւնը ունի 31 երկիրներու մէջ, աւելի քիչ քան հրէական Հոլոքոսթը եւ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հակառակ անոր միւսներէն աւելի ուշ` միայն 21 տարիներ առաջ տեղի ունենալուն…։

– Հարցուածները տարբեր տոկոսային յարաբերութեամբ  դասակարգած են հետեւեալ իրադարձութիւնները իբրեւ  ցեղասպանութիւն, թէեւ անտեսելով Քամպոտիոյ ցեղասպանութեան գոյութիւնը.

  1. ԱՄՆ-ի կողմէ աթոմային ռումբեր նետելը Ճափոնի Հերոսիմա եւ Նակասաքի քաղաքներուն վրայ 1945 թ. – 70%:
  2. 1937 թ. Նանգինի ջարդերը Չինաստանի մէջ Ճափոնի կայսերական բանակին կողմէ – 66%:
  3. Ափրիկեան եւ ասիական երկիրներու գաղութացումը Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ – 55%:
  4. 1932-33 թթ. սովը Ուքրանիոյ մէջ – 41%:
  5. 1943 թ. սովը Հնդկաստանի մէջ – 37%:

Վերոնշեալ թիւերը ցոյց կու տան, որ 31 երկիրներու մէջ երիտասարդներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուածութեան մակարդակը աւելի բարձր է, քան այս հինգ պատմական արհաւիրքներուն:

Այս միջազգային հարցախոյզի ամենակարեւոր յայտնութիւնը` Թուրքիոյ կառավարութեան ակնյայտ պարտութիւնն է Ցեղասպանութեան ժխտման տեւական պայքարին մէջ, ոչ միայն միջազգայնօրէն, քանի որ վերջերս աճած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն թիւը, այլ նաեւ երկրին մէջ, քանի որ թուրք երիտասարդներու մէկ երրորդը նոյնպէս կը ճանչնայ զայն…։

Վերջապէս եթէ ենթադրենք, որ ուսումնասիրուած երկիրներու ամբողջ բնակչութիւնը ունի երիտասարդներու գիտելիքներուն նոյն 77%-ը` կրնանք հաշուարկել, որ այդ 31 երկիրներուն մէջ ապրող չորս միլիառ մարդոցմէ երեք միլիառը տեղեկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Մենք կրնանք նոյն կերպով այդ 77 տոկոսը տարածել ամբողջ աշխարհի 7.25 միլիառ բնակչութեան վրայ, այսինքն աւելի քան 5 միլիառ մարդ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…։

TheCaliforniaCourier.com

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին