Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Lifenews-ի Հրապարակած Ազրպէյճանի Առանց Արցախի Քարտէսը Զայրացուցած Է Ազրպէյճանցիները

Ռուսական Lifenews հեռուստաընկերութեան կողմէ պատրաստուած հաղորդումը, որ ներկայացուցած է Ռուսիայէն բացի այլ երկիրներէն կազ գնելու թրքական այլընտրանքները, զայրացուցած է Ազրպէյճանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»ը, պատճառը հաղորդման ժամանակ ցուցադրուած Ազրպէյճանի քարտէսը եղած է:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուականը որպէս սադրանք որակած է՝ ռուսական լրատուամիջոցի կողմէ հրապարակումը Ազրպէյճանի քարտէսին, ուր բնականաբար չէ եղած Արցախի Հանրապետութիւնը:

Լրատուամիջոցը յիշեցուցած է, որ Lifenews հեռուստաընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը հայ Աշոտ Գաբրէլեանովն է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին