Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Չինաստանի Թիենձին Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արամ Խաչատրեանին Նուիրուած Համերգ

Չինաստանի Թիենձին քաղաքի կեդրոնական համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ, «Հայաստանի ձայնը» խորագիրը կրող համերգ` նուիրուած հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանին: Համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ Թիենձինի սիմֆոնիկ նուագախումբը` չինացի յայտնի խմբավար Չէն Սէյեանի ղեկավարութեամբ:

Ըստ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան` համերգի ընթացքին հնչեցին Ա. Խաչատրեանի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, ներառեալ հատուածներ «Գայեանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներէն, «Դիմակահանդէս» շարքը: Համերգը եզրափակուեցաւ Չինաստանի մէջ լայն ճանաչում ունեցող «Սուրերով պար»ի կատարումով:

Հայկական երաժշտութեան այս իւրատեսակ տօնը հնարաւորութիւն ընձեռեց խաչատրեանական հնչիւններու միջոցով՝ անգամ մը եւս ներկայացնել հայկական մշակոյթը Չինաստանի մէջ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին