Օրերս «էլիթ Փլազա» կեդրոնին մէջ մեկնարկած է «Իմ միջոցով Ջաւախքիս համար» խորագիրով ջաւախքահայ երիտասարդներու առաջնորդութեան ծրագիրը, որուն նպատակն է պատրաստել ջաւախքահայ առաջնորդներ, որոնք պիտի կարենան ինքնուրոյն ծրագիրներ նախաձեռնել եւ իրականացնել, գաղափարի մը շուրջ հաւաքել թիմակիցներ եւ առաջնորդել զանոնք, իրենց մասնագիտական ոլորտին մէջ իրականացնող գործունէութիւնը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի յայտնած են Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդէն (ՍՈՒԽ):
Հանդիպման սկիզբը մասնակիցները ողջունած են Ջաւախքին Աջակցութիւն Հիմնադրամի (ՋԱՀ) գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը եւ «Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոնի հիմնադիր նախագահ Աշխէն Մկոյեանը, որմէ ետք ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացած առաջին սեմինար-քննարկման ժամանակ՝ «Առաջնորդութիւն եւ առաջնորդի մակարդակները» թեմայով ելոյթ ունեցած է Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի նախագահ, ՋԱՀ գրասենեակի իրաւաբան, երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Սամուէլ Մկոյեանը:
Օրուան երկրորդ հատուածին մէջ սկսնակ առաջնորդներու համար այնչափ կարեւոր` «Անձնային աճ եւ մոթիվացիա (շարժառիթ)» թեմայով դասախօսութեամբ եւ սեփական փորձի ներկայացմամբ հանդէս եկած է՝ Ռեսօ ապահովագրական ընկերութեան գործակալական ցանցի գծով փոխտնօրէն Յակոբ Յակոբեանը:
Սեմինարի ընթացքին երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տրուած է՝ աշխուժօրէն մասնակցիլ ծաւալող քննարկման եւ արտայայտել իրենց կարծիքներն ու առաջարկները:
Ծրագիրի ընթացքին երիտասարդները պիտի անցնին մօտաւորապէս տասնեակ մը կարեւոր թեմաներու վերաբերեալ դասընթացքներ՝ փորձառու մասնագէտներու կողմէ:
Ծրագրի կազմակերպիչներ եւ աջակիրցներ`
«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի (ՋԱՀ)
Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի (ՍՈՒԽ)
«Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոն
Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի երիտասարդական կազմակերպութիւններու ընկերակցութիւն
Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց