Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գիրքի Շնորհանդէս Իտալական Թոռիթա Տի Սիենայի Մէջ

Նոյեմբեր 23-ին Իտալիոյ Թոռիթէ Տի Սիենայի համայնքային իշխանութեան կազմակերպմամբ եւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Թոսքանայի նահանգային իշխանութեան եւ Ս. Էտիճիոյի համայնքի հովանաւորութեամբ՝ «Թէաթրօ տելլի Օսկուրիի մէջ», որ Իտալիոյ ամենահին ակադեմիաներէն մէկն է, կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած «Հայերու նահատակութիւնը» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքի հեղինակն է հանրային դիւանագիտութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցող՝ Ս. Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմպալիացցոն: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Գիրքի շնորհանդէսին ելոյթներ ունեցան Թոսքանայի նահանգային խորհուրդի նախագահ Էուճենիօ Ճիանին եւ փոխնախագահ Մոնիքա Պարնին, Սիենայի արքեպիսկոպոս Մոնսինեօր Ստեֆանօ Մանետին եւ Թոռիթա տի Սիենայի համայնքապետ Ճիակոմօ Կրացին:

Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Փերուճիոյ օտարերկրացիներու համալսարանի փրոֆեսոր Ֆետերիքա Կուացինին եւ գիրքի հեղինակ Մարքօ Իմպալիացցոն բանախօսեցին Հայոց Ցեղասպանութեան, թրքական ժխտողականութեան եւ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կանխարգիլման թեմաներու շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին