Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Արարատ» Երգչախումբի Մենահամերգը Նուիրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

Դեկտեմբեր 4-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան լեփ-լեցուն դալիճի մէջ ու ոտնկայս ծափահրութեան ներքոյ` մենահամերգով հանդէս եկաւ Արարատեան Հայրապետական Թեմի (ԱՀԹ) «Արարատ» երգչախումբը. գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Գրիգոր Յարութիւնեան: Այս մասին կը յայտնեն «Արարատ» երիտասարդաց միութենէն:

Համերգի առաջին բաժինով հնչեցին հատուածներ Ս. Պատարագէն` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Կոմիտաս վարդապետի եւ Մակար Եկմալեանի մշակումով: Ծրագիրը եզրափակուեցաւ աշխարհիկ եւ ժողովրդական երգերու փայլուն կատարումով:

ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան բարձր գնահատեց երգչախումբին կատարումները եւ առաջարկեց համերգը ընդգրկել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ցանկին մէջ, քանի որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էին յատկապէս Կոմիտաս վարդապետի մշակումները։

Համերգին ներկայ էին նաեւ ԱՀԹ քահանաներ, առաջնորդարանի աշխատակիցներ, արուեստագէտներ, երիտասարդաց միութիւններու անդամներ եւ հիւրեր:

Նշենք, որ «Արարատ» երգչախումբը հիմնադրուած է 2014 թ. ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ` առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Արարատ» երիտասարդաց միութեան հիմքի վրայ:

Երգչախումբը մասնակցած է բազմաթիւ համերգային ծրագիրներու` արժանանալով գովեստի ու դրուատանքի խօսքերու, շնորհակալագրերու եւ պատուոգրերու:

Երգչախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են երիտասարդաց միութեան այն անդամները, որոնք կ՛ուսանին երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին