Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Կլենտէյլի Մէջ Բացուեցաւ Հայկական Դրամագլուխով Առաջին Դրամատունը Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Կլենտէյլի մէջ բացուեցաւ հայկական դրամագլուխով առաջին դրամատունը ԱՄՆ-ի մէջ: Նոյեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան գլխամասի պաշտօնական բացումը: Անիկա ԱՄՆի մէջ առաջին դրամատունն է, որուն բաժնետէրերուն եւ ղեկավար խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը հայեր են:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը համայնքային դրամատուն է, որ պիտի ծառայէ տարբեր գործարարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու: Դրամատունը այսօր ունի 125 միլիոն տոլարային դրամագլուխները: Մենք կը տրամադրենք վարկեր սկսած 500 հազար տոլարէն մինչեւ 5 միլիոն տոլար, հնարաւոր է նաեւ աւելի մեծ գումար տրամադրենք գործընկերային դրամատուներու հետ համատեղ: Կը ներգրաւենք նաեւ աւանդներ եւ կը վճարենք աւելի մեծ տոկոսադրոյք, քան մեծ դրամատուները: Միակ ոլորտը, որ դրամատունը չի սպասարկեր, ան անհատական սպառողական վարկերն են` մեքենաներու վարկաւորում կամ հիպոթեքային վարկեր», ըսաւ դրամատան ղեկավար խորհուրդի նախագահ բաժնետէր Ռապըրթ Սեդրակեան,-  PanARMENIAN.Net –ի փոխանցմամբ կը տեղեկացնէ Asbarez-ը:

Տարիներ շարունակ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ափլընդ եւ Պրէա քաղաքներուն մէջ գործող իր գրասենեակներով, FDIC-ի կողմէ երաշխաւորուած «Կոլտըն Սթէյթ» առեւտրային դրամատունը կերտած է յաջողութեան պատմութիւն, որուն գլխաւոր նախադրեալներէն է անհատական մօտեցումը յաճախորդներուն:

Հայ համայնքի համար «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան առաւելութիւններէն է նաեւ, հայ ղեկավարներու դրամագլուխի ներկայութիւնը այս դրամատան մէջ: «Դրամատան ղեկավարող խորհուրդի 11 անդամներու մեծամասնութիւնը հայեր են, եւ ինչպէս մեր համայնքը` ներգաղթած տարբեր երկիրներէ: Մենք քաջատեղեակ ենք մեր համայնքի մշակութային առանձնայատկութիւններուն եւ անձամբ կը ճանչնանք գործող գործարարութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Այս հանգամանքը մեզի առիթ կու տայ՝ ծառայութիւններ առաջարկելու ատեն հաշուի առնել բոլոր հնարաւոր պահանջները եւ լաւագոյն մօտեցում ցուցաբերել: Մենք աւելի լաւ կը հասկնանք մեր հայ յաճախորդներու կարիքները, քան օրինակ շուկայի մէջ գործող այլ մեծ դրամատուներ, եւ սա մեր առաւելութիւնն է», նշեց «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան բաժնետէր, ղեկավար խորհուրդի անդամ Արտակ Տալտումեանը:

«Կոլտըն Սթէյթ»ը գործունէութեան նոր փուլ մտաւ 2014-ին, երբ դրամատան միացան ոլորտի մէջ երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներ Ռոպերթ Սեդրակեանն ու ընկերները: 40 տարուան աշխատանքային փորձով «Կոլտըն Սթէյթ»ի նախագահ Թոմ Պայինկթըն կը նշէ, որ սիրով կը համագործակցի հայ գործընկերներուն հետ եւ կ՛ըսէ, որ դրամատան մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նոր հորիզոններ կը բանան: Դրամատան առաջին բաժնետէրերէն Ճոն Օհանեանն ալ համոզուած է, որ ղեկավար խորհուրդի մէջ բարձրակարգ նոր մասնագէտներու ներգրաւմամբ՝ դրամատունը շուտով նոր բարձունքներ պիտի գրաւէ: «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան մէջ համալրուած ղեկավարող խումբի առաջնային նախաձեռնութիւններէն էր՝ դրամատան գլխամասի տեղափոխումը Կլենտէյլ:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը իր գլխաւոր գրասենեակը հիմնեց Կլենտէյլի մէջ` գնահատելով մեր քաղաքի կարեւոր դիրքն ու պիզնըսի աճի ներուժը: Մենք շատ ուրախ ենք եւ հպարտ, որ բաժնետէրերուն մեծ մասը հայ են, եւ վերջապէս ունինք հայկական դրամագլուխով դռամատուն ԱՄՆ-ի մէջ», նշեց Կլենտէյլի քաղխորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան` վստահութիւն յայտնելով, որ յառաջիկային դրամատունը պիտի բազմապատկէ դրամագլուխի չափերը եւ լուրջ ներկայութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն Հարաւային, նաեւ ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ ու միաժամանակ պիտի նպաստէ Կլենտէյլի զարգացման:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը կը գործէ քաղաքի գործարար կեդրոնին մէջ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ֆինանսական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, նաեւ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան երկարամեայ յաճախորդներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին