Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Թրքական Պարբերականը Եւ Անոր Ձերբակալուած Խմբագիրը Կը Գրէին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թուրքիոյ Մէջ

Թրքական յայտնի «Ճումհուրիէթ» պարբերականը, որուն գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարը ձերբակալուած էր Նոյեմբեր 26-ին եւ որուն դէմ Էրտողան դատական գործ  յարուցած է լրտեսութեան մեղադրանքով (Թուրքիայէն Սուրիա զէնքի մատակարարումը բացայայտող հրապարակման համար), այն փոքրաթիւ թերթերէն է Թուրքիոյ մէջ, որ ազատօրէն կը գրէր Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային շուրջ: Այս մասին փաստեց անձամբ Ճան Տիւնտարը` ձերբակալութենէն կարճ ժամանակ առաջ (Նոյ. 16-ին), Հրանդ Տինք հիմնադրամի կազմակերպած «Լրագրողներու երկխօսութիւն» ծրագիրի ծիրէն ներս՝  հայ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ, որուն ներկայ էր նաեւ Panorama.am-ի թղթակիցը:

Panorama.am-ի այն հարցին, թէ «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ արդեօք կ’օգտագործուի «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, Տիւնտար պատասխանեց. «Այս թերթին մէջ գրաքննութիւն չկայ. ատիկա կը վերաբերի նաեւ Ցեղասպանութեան թեմային. այսինքն բոլորը կրնան գրել այն ինչ կը մտածեն…։ Մեր թերթին մէջ կան լրագրողներ, որոնք կ’ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ լրագրողներ, որոնք չեն ընդունիր: Մէկը առանց չակերտներու կը գրէ Ցեղասպանութիւն բառը, միւսը` չակերտներու մէջ. ատիկա բացառապէս կախուած է լրագրողի ցանկութենէն»։

***

Էրտողան սուտ ամբաստանութեամբ ձերբակալել տալով Ճան Տիւնտարն ու նոյն թերթի այլ լրագրող անոր գործակիցը, փաստօրէն կրկնակի խայտառակուեցաւ, որովհետեւ այս լրագրողներն էին, որոնք ոչ միայն բացայայտեցին Թուրքիայէն Սուրիա Տաէշին հասնող զէնքի պարագան, այլ անոր բնական շարունակութիւնը եղող՝ Տաէշին կողմէ ալ դէպի Թուրքիա աժան նաֆթի առաքումը, որմէ ետք ալ մէջտեղ ելաւ, որ այդ գործարքին մէջ մեծ է դերը Էրտողանի տղուն՝ Պիլալին։

Իսկ այս բոլորին վրայ ալ, երբ ռուսական օդուժը քանդեց Տաէշական աժան նաֆթ փոխադրող քարիւղատար բեռնակառքերու շարասիւները Սուրիոյ հիւսիսը, այսինքն երբ Էրտողանի գրպանին դպան, այն ատեն ինքզինք նոր սուլթան երեւակայողը վար առնել տուաւ ռուսական ռմբակոծիչը եւ սուտ ամբաստանութեամբ ձերբակալեց Ճան Տիւնտարն ու անոր օգնականը, որպէսզի հասկցնէ, որ իրեն հետ խաղ չկայ, ի միջի այլոց ապտակ մըն ալ հասցուցած ըլլալով բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մարդկային արդարութեան տեսանկիւնէ կը տեսնեն։ Այստեղ Էրտողանը բոլորին հասկցուց, որ թուրք բռնակալը կը մնայ թուրք բռնակալ, իսկ ժողովրդավարական խաղը միայն դիմակ է՝ աշխարհի աչքին փոշի ցանելու։ Իսկ թէ մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ թրքական այս կէօզպաաճիութիւնը (աչքախաբկանք), ժամանակը ցոյց կու տայ։ Պարզապէս նշենք, որ այսպէս խաղցող քաղաքական մարդիկ երկար չեն դիմացած բեմի վրայ, անոնց անկումը արագացած եւ թաւալգլոր եղած է…։

                                                                                                                         «Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին