Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Երգչուհի Լէոնորան Սպահանի Մէջ Հանդէս Կու Գայ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Մենահամերգով

Գիւմրեցի երգչուհի Լէոնորան Սպահանի մէջ հանդէս կու գայ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով մենահամերգով` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին: Արտադրող Վիգէն Թանաշեան «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած է, որ համերգային ծրագիրը բաղկացած է երկու մասէ. առաջինը հոգեւոր երգեր են` հայ եւ օտարազգի հեղինակներու ստեղծագործութիւններով, երկրորդը դասական ու կրկին ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտար հեղինակներու գործերով:

«Ընդհանրապէս դասական երաժշտութիւնը միշտ չէ, որ հեշտ է գովազդել, եւ ատիկա է պատճառը, որ նաեւ դժուար է համերգներ կազմակերպել: Այս անգամ մօտ 1 տարի պահանջեց այս համերգի կազմակերպման համար, բայց այնչափ ուրախ եմ, որ երգչուհին այս մենահամերգը կը նուիրէ Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին»,­նշած է արտադրողը` իր շնորհակալութիւնը յայտնելով Սպահանի Հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին եւ թեմակալ առաջնորդին:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին