Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ժողովուրդն Է Ամէն Իշխանութիւններու Հիմքը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վաղը՝ Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայրենիքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որով կը նախատեսուի անցում դէպի կառավարման խորհրդարանական համակարգ:

Թէ հայրենի ժողովուրդը ի՞նչ կ՛ընտրէ այդ իրեն՝ ընտրողի իրաւունք ունեցողին կը վերաբերի: Ան, որ հողին վրայ ապրողն է, աւելի լաւ կը դատէ իրավիճակը եւ ըստ այնմ կ՛ընտրէ:

Անկախ անոր արդիւնքէն, մեզի կը մնայ շնորհաւորել հայրենի ժողովուրդը, որ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ վաղը պիտի ուղղուի քուէատուփ՝ իր ԱՅՈ-ն կամ ՈՉ-ը ըսելու:

Մենք կը հաւատանք, որ հանրաքուէի գաղափարը ռամկավարական գերագոյն արժէք մըն է, որ ժողովուրդին կու տայ իրաւունքը՝ իր խօսքը ըսելու համազգային նշանակութիւն ունեցող կենսահարցերու մէջ: Ռեֆերանտըմ բառը, որ կը նշանակէ հանրաքուէ՝ յառաջացած է Ռեֆերօ լատիներէն բայէն, որ կը նշանակէ յետ բերել կամ վերադարձնել (bringing back), այսինքն հանրային հիմնահարց մը վերադարձնել իր տիրոջ՝ ժողովուրդի դատաստանին: Հետեւաբար ժողովրդավարութեան մէջ չկայ աւելի վեհ ու ազնիւ գաղափար՝ քան հանրաքուէն:

Մեզի կը մնայ ջատագովել հայրենի ժողովուրդը վաղը ուղղուելու դէպի քուէատուփ՝ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար: Ուղղուիլ քուէատուփ մասնակից դառնալու երկիրի ապագային վերաբերող կարեւոր հարցի մը որոշման:

Ի վերջոյ ժողովուրդն է ամէն իշխանութիւններու հիմքը: Կը մնայ, որ ամենայն քաղաքակրթութեամբ ու արդար կերպով վարել հանրաքուէի ընթացքը եւ աւարտին ընդունիլ մեծամասնութեան կամքը՝ ձայն բազմաց:

Կեցցէ ռամկավարութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին