Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Սուրիահայերու Շնորհիւ Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է 75 Նոր Գործարարութիւն

Ոսկերչութիւն, արծաթագործութիւն, սնունդի արդիւնաբերութիւն, վարսայարդարութիւն, կարի եւ կօշիկի արտադրութիւն, ինքնաշարժի նորոգութիւն, տպագրութիւն, տեսանկարահանում, օճառագործութիւն. ասոնք այն հիմնական ոլորտներ են, ուր սուրիահայերը ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կը ծաւալեն:

«Ազդարար» լրատուականը իր անդրադարձին մէջ կը նշէ, որ 2012 թուականէն առ այսօր ՓՄՁ-ներու զարգացման ազգային կեդրոնը մօտ 500 սուրիահայ գործարարի տարբեր տեսակի օգնութիւն  ցուցաբերած է, 106-ը ստացած են ֆինանսական աջակցութիւն` միջինը 4,5 միլիոն դրամի չափով եւ 5 տարի ժամկէտով: Արձանագրուած է 75 նոր գործարարութիւն, բացուած 112 աշխատատեղ:

«Այսօր սուրիահայերը աւելի զգօն  դարձած են, գործ սկսելէ առաջ երկար կը մտածեն: Զգուշաւորութեան եւ խոր վերլուծութեան շնորհիւ՝  վերջին շրջանին յաջողած ձեռնարկատիրութեանց թիւը սուրիահայերու մօտ 20 տոկոսով աւելցած է», կը նշէ ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն Գեղամ Պետրոսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին